Search
Close this search box.

Հայաստանի մէջ, Փութին ջախջախիչ պարտութիւն կրած է

Ի տարբերութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան, Ռուսաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րութիւ­նը թոյլ կու տայ ար­տասմահ­մա­նի Ռու­սե­րուն եւս քուէար­կել։ Այսպէս, Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ՝ Երե­ւան եւ Գիւմրի հաս­տա­տուած են ընտրա­կան տե­ղամա­սեր. Երե­ւանի մէջ, ընտրա­տեղա­մասեր հաս­տա­տուած են Ռու­սաստա­նի դես­պա­նատան եւ ռու­սա­կան օդա­յին խա­րիս­խին մէջ, իսկ Գիւմրի՝ եր­կու ընտրա­տեղա­մաս՝ ռու­սա­կան հիւ­պա­տոսա­րանին եւ քա­ղաքի ծա­նօթ՝ ռու­սա­կան102-րդ ռազ­մա­կան խա­րիս­խին մէջ։ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին՝ ըն­դա­մէնը հինգ տե­ղամաս, ուր խուռնե­րամ շար­քե­րով ռուս (ընդհանուր պատկեր մը տալու տեսանկիւնէն՝ թե­րեւս աւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լար ըսել՝ ռու­սահպա­տակ­) ընտրող­ներ դի­մած են այս տա­րի, ի տար­բե­րու­թիւն նա­խորդ ընտրու­թիւննե­րուն։ Ասոր բա­ցատ­րութիւ­նը մեծ մա­սամբ Ուքրաինա­յի պա­տերազմն է, որու հե­տեւան­քով եւ զա­նազան պատ­ճառնե­րով՝ մեծ թի­ւով Ռու­սեր հաս­տա­տուած են Վրաս­տան եւ Հա­յաս­տան։ Եւ քա­նի որ Վրաս­տա­նի մէջ ռու­սա­կան դես­պա­նատուն չկայ, բա­ւական պատ­կա­ռելի թի­ւով ընտրողներ ալ Վրաս­տա­նէն Հա­յաս­տան եկած են քուէար­կե­լու։
Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այս քուէար­կութեան Փու­թին ջախջա­խիչ պար­տութիւն կրած է։ Թէ՛ Երե­ւանի, թէ՛ ալ Գիւմրիի մէջ ամէ­նէն շատ քուէն ստա­ցած է Վլա­տիս­լաւ Տա­ւան­քով, յա­ջոր­դա­բար՝ 63% եւ 43%, մինչ Փու­թին ըստ նոյն յաջորդականութեան ստացած է ձայներու 8%-ը եւ 21%-ը։