Մարտ 13-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի յայտնած է, թէ «Ֆրանսախօսութեան օրեր 2024» տարեկան ձեռնարկը, ըլլալով Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակութային օրակարգի կարեւորագոյն ծրագրերէն մէկը, կը նուիրուին վերջերս իր մահկանացուն կնքած հայ նշանաւոր դիւանագէտ Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանին:
Ան ընդգծած է Հայաստանի աշխուժ մասնակցութիւնը Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան՝ յիշեցնելով, որ ֆրանսերէնը հանրապետութեան մէջ տարածուած երրորդ լեզուն է ռուսերէնէն եւ անգլերէնէն ետք։ Դիւանագէտին համաձայն՝ Հայաստանի մասնակցութիւնը Կազմակերպութեան, որ կը գտնուի բարդ աշխարհաքաղաքական կացութեան մէջ, կ՚ընդլայնէ շփման հորիզոնները ֆրանսերէն խօսողներուն հետ, որոնց թիւը աշխարհի մէջ 144 միլիոն է։
Տըքոթինյի յայտնած է, թէ Ֆրանսայի մէջ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 4-ին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան համաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հայաստան։
“Ֆրանսախօսութեան օրեր»-ու շրջանակին մէջ տեղի կ՚ունենայ աւելի քան 30 ձեռնարկ՝ շարժանկարի ցուցադրութիւն, թատրոն, ժամանակակից արուեստ, երաժշտութիւն եւ այլն։ Բացի մայրաքաղաքէն, ձեռնարկներ նախատեսուած են Գիւմրիի, Գաւառի եւ Վանաձորի մէջ”,– ըսած է դեսպանը:
Իր կարգին, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեան վերահաստատած է Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը ֆրանսախօսութեան արժէքներուն՝ համերաշխութեան, հանդուրժողութեան եւ խաղաղ համակեցութեան:
“2024-ին 325 կրթական ու մշակութային հաստատութիւն պիտի տօնէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրը՝ ամբողջ տարուան ընթացքին կազմակերպելով շուրջ 1.000 ձեռնարկ”,– ըսած է փոխնախարարը։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի մէջ ֆրանսերէն սորվող աշակերտներուն թիւը արդէն հասած է 62 հազարի եւ սա պահուս Հանրապետութեան շուրջ 250 դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէն կը դասաւադուի, իսկ ուսուցիչներուն թիւը 364 է։
Մամլոյ ասուլիսին, Արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմ քաղաքականութեան եւ համագործակցութեան զարգացման վարչութեան պետ Դաւիթ Կնեազեան տեղեկացուցած է թէ Երեւան կ՚այցելէ ֆրանսացի գրող, հրապարակախօս Սիլվէն Թեսոն։ Մարտ 18-ին Ազգային գրադարանին մէջ տեղի կ՚ունենայ միաժամանակ նկարիչ Թեսոնի ստեղծագործութեան նմուշներով նկարահանուած «Սեւ ճանապարհին» ֆիլմին ցուցադրութիւնը, որու աւարտին կը կազմակերպուի քննարկում՝ անոր մասնակցութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։