Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի փոխած է X-ի իր հաշիւին պատկերը՝ տեղադրելով Արարատ լեռան լուսանկարը։
Ան նաեւ հայերէնով գրառում կատարած է՝ անդրադառնալով Ֆրանսայի Պուռ-լէ-Վալանսի եւ Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքի համագործակցութեան։
«Հայաստանի տոկունութիւնը երեւան կու գայ իր մարզերուն մէջ: Շնորհակալութիւն Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետ տիկին Մարէն Մուրիէին եւ անոր խումբին այս այցելութեան համար, որու շնորհիւ ամրապնդուեցաւ Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին հետ համագործակցութիւնը»,– գրած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։