Ռուս-ուքրաինական պատերազմը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը դիւանագիտական բազմաբեւեռ հանդիպումներու, բանակցութիւններու, բախումներու ասպարէզ դարձուցած է, ուր կը խաչաձեւուին Արեւմուտք-Ռուսաստան, Իրան-Արեւմուտք, Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան աշխարհաքաղաքական շահերը, որոնց մէջ ներգրաւուած է անխուսափելիօրէն Հայաստան եւս։
Տասը օրուան ընթացքին Երեւան թատերաբեմը դարձաւ յաջորդաբար երեք պետութիւններու՝ Իրանի անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարի, ԱՄՆ-ու CIA-ի տնօրէնի եւ Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարի այցելութիւններուն։ Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար այսպիսի եռուզեռ ցոյց կու տայ ներկայ հանգրուանին անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը եւ գերտէրութիւններու շահերու բախումի ծայրայեղ լարումը։
Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան ստեղծման գործընթացի պայմաններուն մէջ,– ուր պիտի կեդրոնանան երեք ուժային գերատեսչութիւններ՝ Ազգային անվտանգութիւն, Ոստիկանութիւն եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն, որ պիտի ունենայ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւն մըն ալ,– սոյն այցելութիւնները կը ստանան ազդեցութեան գօտիներ եւ գաղտնի համաձայնութիւններ ձեւաւորելու հանգամանք։
Նոյնպէս Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վերակազմակերպումը, ուր ռազմական ուժերու գերագոյն հրամանատարը պիտի դառնայ միաժամանակ Պաշտպանութեան փոխնախարար, կը հարթէ ճամբան Հայաստանի նոր պաշտպանական համակարգի ստեղծումին, որով շահագրգռուած են գերտէրութիւնները։
Այս առումով, CIA-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի նման ԱՄՆ-ու բարձրաստիճան հետախուզութեան ղեկավարի այցելութիւնը խօսուն արտայայտութիւնն է Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքի կարեւորութեան, յատկապէս Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ու միջեւ մրցակցութեան։ Ռուսաստանի համար էական է Հայաստանը պահել իր անմիջական ազդեցութեան տակ եւ այս առումով յատկանշական է յայտարարութիւնը արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքինի, որ անդրադառնալով Պըրնզի այցելութեան՝ ըսած է.- «Ռուսաստան ունի բաւականաչափ ուժ եւ պաշար դժուար պահերուն դաշնակիցներն ու բարեկամները պաշտպանելու համար»։ Արցախի ուղղուած ակնարկը շատ յստակ է, ճիշդ այն պահուն երբ Հայաստանի ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ալ կը յայտարարէ, թէ Սեպտեմբերէն սկսեալ Արցախի մէջ պիտի չմնայ հայաստանցի զօրակոչիկ։ Թէեւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ռուսաստան սպասեց որ Արցախ յայտնուի անձնատւութեան վիճակի մէջ, եռակողմ յայտարարութեամբ երկու կողմերուն պարտադրելու համար ռուսական խաղաղապահ զօրքերու տեղադրում, մինչ Թրամփի Միացեալ Նահանգները ոչինչ ըրաւ թուրքեւազերական յարձակումը կասեցնելու համար։
Ազերպայճան եւս առիթը չի փախցըներ Ռուսաստանի վրայ ճնշում բանեցնելու որ՝ Հայաստանը ստիպէ Սիւնիքի միջանցքը բանալու։ Այս առնչութեամբ յատկանշական են Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի կարեւոր երկու դժգոհութիւնները ուղղուած Ռուսաստանին. առաջինը այն է, որ Ռուսաստան չէ յարգած Արցախի Հայերը զինաթափ ընելու պայմանը եւ երկրորդ՝ Հայաստանին չի պարտադրեր յարգել Արցախի կարգավիճակի հարցը օրակարգի չբերելու պայմանը։ Ակներեւ է, որ Վրաստանի մէջ, Արեւմուտքի հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումով ստեղծուած՝ երկու երկիրներու միջեւ ուղղակի շփումի միջոցը, Պաքուի կողմէ Մոսկուայի ուղղուած ազդանշան է։
Տարածաշրջանի մէջ հանդիպումները չեն սահմանափակուիր Հայաստանով։ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէն Պաքուի մէջ ստորագրեց դէպի Եւրոպա կազի մատակարարման նոր պայմանագիր մը, որու մասին ան կ՚ըսէ. «Այսօրուան համաձայնագրով մենք յանձն կ՚առնենք ընդլայնել Հարաւային կազային միջանցքը, կրկնապատկել Ազերպայճանէն ԵՄ կազի մատակարարումը»։
Իսկ Թեհրանի մէջ Ռայիսի-Փութին-Էրտողան հանդիպումը կը միտի Ռուսաստանի եւ Իրանի համար ձեւաւորել Արեւմուտքի ճնշումներէն ձերբազատելու այլընտրանքային եւ գործակցութեան նոր ուղիներ։
Ռուս-ուքրաինական պատերազմը Հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու յարաբերութիւնը հիմնովին փոխելու ընթացքի մէջ է։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքական ուժերը, սակայն, միջազգային հանրութեան՝ Հայաստանին ընծայած յատուկ ուշադրութեան համապատասխան շահագրգռութիւն չեն ցուցաբերեր։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։