Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտացածին եւ յօրինուած որակած է շրջող լուրերը, թէ Հայաստան Իրանի հետ 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ սպառազինութեան ձեռքբերման պայմանագիր ստորագրած է։
Նիւթին շուրջ «Արմէնփրէս» դիմած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արամ Թորոսեանին։
Հարցումին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանեն Iran International կայքի տարածած այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն Հայաստան եւ Իրան 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ սպառազինութեան ձեռքբերման գաղտնի պայմանագիր ստորագրած են, Թորոսեան պատասխանած է, որ մտացածին ու յօրինուած բովանդակութեամբ հրապարակումներուն իրենք չեն արձագանգեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։