Search
Close this search box.

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն. «Ազերպայճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան»

Յունուար 6-ին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը, որ իբրեւ  թէ Յունուար 5-ի իրիկուան ժամերուն, հայկական ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի հարաւարեւ ելեան կողմը տեղակայուած ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։

Նշենք, թէ նոյն օրը՝ կէսօրէ ետք, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կրկին հրապարակած է նոյնանման հաղորդագրութիւն մը, իսկ Հայաստան ալ հակադարձած է, նշելով թէ Պաքուի ըսածները իրականութեան չեն համապատասխաներ։