Search
Close this search box.

Հայաստանի փառերգի ընթացքին պատուոյ հարթակէն իջած ազերպայճանցի ըմբիշը որակազրկուած է

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականը՝ Եւրոպայի 2-րդ

Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Պապիկեանէն պարտուած Ազերպայճանցին՝ Հայաստանի փառերգի ընթացքին իջած է պատուոյ հարթակէն:

Հայաստանի Ըմբշամարտի դաշնակցութիւնը անմիջապէս բողոքած է Ըմբշամարտի միջազգային դաշնակցութեան եւ խնդրոյ առարկայ ազերպայճանցի մարզիկը որակազրկուած է։

Հայաստանի Ըմբշամարտի դաշնակցութենէն կը հաղորդեն, որ տեղի ունեցած է նոր պարգեւատրութիւն։

Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը այս մրցաշարքը աւարտած է պատուաբեր 2-րդ դիրքի վրայ։ 

Տեսանիւթը հոս.-

https://www.facebook.com/wrestlingArm/videos/753978282463361/