Search
Close this search box.

Հայաստան−Սփիւռք խմբակցութեան առաջին հանդիպումը

Հայաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւն­նե­րը տա­կաւին չեն գտած իրենց զար­գացման բնա­կանոն հու­նը։ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւնը Յաս­միկ Տոլ­մա­ջեանի օրօք, Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը հաս­ցուց բարձր մա­կար­դա­կի, քա­ղաքա­կան երկխօ­սու­թիւն հաս­տա­տուեցաւ տե­ղական կա­ռավար­ման կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու հետ։ Ասոր փո­խարէն ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի կարգ մը կազ­մա­կեր­պութիւններ լա­րուած յա­րաբե­րու­թիւններ սնու­ցանեցին Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն հետ։ Այդ պատճառով, ֆրան­սա­հայ սփիւռքին Հա­յաս­տանի պե­տու­թեան հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը մնա­ցին սահ­մա­նափակ, գրե­թէ ան­հա­տական ու մաս­նա­ւոր կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու բա­րեսի­րական նա­խաձեռ­նութիւննե­րու մա­կար­դա­կին։ 

Մաս­նա­ւորա­պէս լա­րուած են CCAF-ի հա­մանա­խագահ­նե­րուն  Սփիւռքի Գլխա­ւոր յանձնա­կատա­րին հետ (ՍԳՅ) յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Սեպ­տեմբե­րին տեղի ունեցաւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք երկրորդ հան­դի­պու­մը «Հա­մաշ­խարհա­յին հայ­կա­կան գա­գաթ­նա­ժո­ղով» անուան տակ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՍԳՅ Զա­րեհ Սի­նանեանի, որուն մաս­նակցե­ցան շուրջ հա­զար հո­գի, աշ­խարհի տար­բեր ծա­գերէն։ Հան­դի­պու­մին բա­ցակայ էին CCAF-ի հա­մանա­խագահ­նե­րը։ Ֆրան­սա­հայու­թեան մաս­նակցու­թիւնը շուրջ 120 հո­գի էր, կրկնա­պատի­կը՝ բաղ­դա­տած 

2022-ի հան­դի­պու­մին։ Տո­կոսա­յին առու­մով մե­ծագոյն մաս­նակցու­թիւնը, ըստ ՍԳՅ-ի գնա­հատու­թեան, լա­ւա­գոյնս կազ­մա­կեր­պուած հա­մայնքը։ Մի­ակը բո­լոր հա­մայնքնե­րուն միջեւ, որուն հա­մար ընդհա­նուր յայ­տա­գրին մէջ Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնա­կատա­րին հետ հան­դի­պում նա­խատե­սուած էր։

Նախ­քան գա­գաթ­նա­ժողո­վը, մի քա­նի առ­ցանց հան­դի­պումներ կա­յա­ցան, Վիէնի փոխ­քա­ղաքա­պետ Լե­ւոն Սա­քունցի նա­խաձեռ­նութեամբ, մաս­նա­կից­նե­րու տրա­մադ­րութիւննե­րը շօ­շափե­լու, Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան զա­նազան ծրա­գրեր զար­գացնե­լու նպա­տակով կար­ծիքնե­րու փո­խանա­կում ու­նե­նալու հա­մար։ Գա­գաթ­նա­ժողո­վի ըն­թացքին որո­շուե­ցաւ աւե­լի փոքր ձե­ւաչա­փով Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան մի­ջան­կեալ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պել Ֆրան­սա­յի եւ ֆրան­սա­խօս եւ­րո­պական եր­կիրնե­րու յա­տուկ գոր­ծակցու­թեան ծրա­գրեր մշա­կելու հա­մար։ 

Դեկ­տեմբեր 14-ին, օգ­տուելով Զարեհ Սի­նանեանի ԱՄՆ-էն Հա­յաս­տան վե­րադար­ձի առի­թէն, Հա­յաս­տան-Ֆրան­սա նո­րակազմ խմբակ­ցութիւ­նը (Collectif France-Arménie) նա­խաձեռ­նեց հան­դի­պու­մի մը, որուն գլխա­ւոր նպա­տակն էր քննար­կել 2-րդ Հա­յաս­տան-Սփիւռք գա­գաթ­նա­ժողո­վի ար­դիւնքնե­րը եւ հիմ­քը դնել Գլխաւոր յանձնա­կատա­րին հետ գոր­ծակցու­թեան նոր հար­թա­կի մը։

Շուրջ 40 հո­գի մաս­նակցե­ցաւ այս հան­դի­պու­մին։ Ըն­կե­րաբան Ալէն Նա­ւար­ա-Նա­ւասար­դեան, իբ­րեւ գլխա­ւոր հիւր, Սփիւռքի մա­սին դի­տար­կումներ կա­տարեց, Զա­րեհ Սի­նանեանի հետ երկխօ­սու­թեան են­թա­հող ստեղ­ծե­լու հա­մար։ Ըն­կե­րաբա­նին առա­ջին անդրա­դար­ձը եղաւ ոստումը՝ «Սփիւռք» ըմբռնու­մէն դէ­պի «Սփիւռքներ» ըմբռնումը եւ գործնա­կան գետ­նի վրայ տար­բե­րակուած մար­տա­վարու­թիւն եւ ռազ­մա­վարու­թիւն մշա­կելու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ Երկրորդ, անդրա­դար­ձաւ ֆրան­սա­հայ սփիւռքի մշա­կու­թա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան բա­ցակա­յու­թեան ծանր հե­տեւանքնե­րուն, որ­ոնցմէ կը բխին հա­մայնքի մաս­նա­տուա­ծ հանգամանքը, ինքնու­թեան հա­ւաքա­կան տա­րազի մը չգոյութիւնը։ Նկա­տել տուաւ, ներսփիւռքեան երկխօ­սու­թեան ու շփու­մի, եր­կա­րաժամ­կէտ ծրա­գրե­րու բա­ցակա­յու­թիւնը, ինչ որ կը նպաս­տէ բա­րեսի­րակա­նին, բաղ­դատմամբ տնտե­սական ռազ­մա­վարա­կան ծրա­գրե­րու։

Մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ եւս բարձ­րա­ցուած հար­ցումնե­րը շատ էին ու դի­պուկ, որոնցմէ կա­րելի է եզ­րա­կաց­նել եր­կու բան. առա­ջինը՝ անհրա­ժեշտ է որ ե՛ւ Հա­յաս­տան, ե՛ւ Սփիւռք վե­րանա­յին մէկզմէկու հանդէպ վե­րաբե­րու­մը, բաց երկխօ­սու­թիւն հաս­տա­տելով. հոս, մաս­նա­կից­նե­րուն քա­նակը չէ էակա­նը, որ­քան փո­խանա­կումնե­րուն բարձր որա­կը։ Եւ վերջապէս, ՍԳՅ-ի գա­գաթ­նա­ժողով­նե­րը ուղղո­ւած ըլ­լա­լով ան­հատնե­րու՝ իբր ռազ­մա­վարու­թիւն կը նպաս­տեն Սփիւռքի հիւ­լէացած ան­հա­տական կար­գա­վիճա­կի ամ­րապնդման, մինչ Սփիւռքի հա­մայնք­նե­րը կա­րիքն ու­նին կազ­մա­կեր­պո­ւած, առողջ կա­ռոյցնե­րու, որոնք տրա­մադիր են Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան հետ երկխօ­սելու ու գոր­ծակցե­լու։ Ի վերջոյ, փա­րիզեան այս հա­ւաքը օգ­տա­կար նա­խաձեռ­նութիւն էր, ար­ծարծո­ւած նիւ­թե­րով, երկխօ­սու­թեան ան­կեղծ ու բարձր որա­կով։

Ժ.Չ. ■