Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 10-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Վարչապետը բարձր գնահատած է Սեպտեմբեր 13-14-ին ազերպայճանական զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ձեռնարկուած յարձակման հետեւանքներու վերացման միտող ամերիկեան կողմի ջանքերը եւ ընդգծած այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու կարեւորութիւնը: Զրուցակիցները շեշտած են ազերպայճանական զինուած ուժերու` Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ետ քաշուելու ու հրադադարի անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Կողմերը անդրադարձած են Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպման արդիւնքներուն: Կարեւոր նկատուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991-ի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման, ինչպէս նաեւ սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման ու հայ-ազերպայճանական սահմանին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան ապահովումը:
Արծարծուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան անվտանգութեան և իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու համար միջազգային գործիքակազմի ստեղծման, Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման վերաբերող հարցեր:
Վարչապետը իր տպաւորութիւնները բաժնած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպման վերաբերեալ:
Էնթընի Պլինքըն յայտնած է ԱՄՆ-ու պատրաստակամութիւնը՝ յառաջիկային եւս նպաստելու բանակցային գործընթացին ու Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան:
Նշենք, թէ նոյն օրը Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Ազերպայճանի նախագահին հետ։ Ան ողջունած է հայ 17 ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ կոչ ուղղած Ալիեւին՝ շարունակելու խաղաղ գործընթացին աջակցութեան ուղղուած քայլերը:
ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ երաշխիքներու քննարկման, ինչպէս նաեւ երկու կողմէն ալ հրադադարի պահպանման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ բանակցութիւններու միջոցով կայուն խաղաղութիւն հաստատել:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։