Search
Close this search box.

Հայաստան առանձին տաղաւարով մասնակցեցաւ Ֆրանքֆուրթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան (ԿԳՄՄ) աջակցութեամբ Հայաստան հոկտեմբեր 18-22 առանձին տաղաւարով մասնակցեցաւ Ֆրանքֆուրթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին։  

Հայկական տաղաւարով ներկայացուեցաւ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ հրատարակուած, գլխաւորաբար օտարալեզու հայ գրականութիւն:

Տեղւոյն վրայ ներկայացուեցաւ «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններու մէջ» դրամաշնորհային ծրագիրը, որով Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութիւնը կ՚աջակցի արտասահմանի այն հրատարակչութիւններուն, որոնք կը փափաքին իրենց երկրին մէջ օտար լեզուով հրատարակել հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութիւն: 

Հայկական պատուիրակութիւնը կը բաղկանար «Հայաստանի ազգային գրադարանի»-ի, «Արի», «Առաջին» գրական գործակալութիւններու, «Արի» գրականութեան հիմնադրամի, «Անտարես», «Էջ», «Էդիթ պրինտ», «Վերնատուն», «Նիւմեգ», «Զանգակ», «GSM ստուդիօ», «ԵՊՀ» հրատարակչութիւններու, Կոմիտաս թանգարան-հիմնարկի ներկայացուցիչներէ:

Հայաստանի տաղաւարը այս տարի նուիրուած էր Հայ շարժարուեստի 100-ամեակին՝ ունենալով այս առիթին պատշաճ ձեւաւորում:

Հոկտեմբեր 20-ին միջոցառումներու համար նախատեսուած յատուկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գրականութիւն եւ ինքնութիւն» խորագրով քննարկում, որուն նախաձեռնած էր “Konrad Adenauer’’ հիմնադրամը՝ Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութեան աջակցութեամբ։

Բանախօսներն էին՝ գրողներ Արմէն Հայաստանցի, Անահիտ Ղազարեան, թարգմանիչ Սուսաննա Եղոյեան, գերմանացի գրող, լրագրող Լաուրա Ցվերտնիա:

Հոկտեմբեր 21-ին միջոցառումներու համար նախատեսուած մէկ այլ տաղաւարի մէջ տեղի ունեցաւ Սուսաննա Յարութիւնեանի «Ագռաւները Նոյէն առաջ» գերմաներէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը։ 

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ Յովիկ Աֆեանի «Կարմիր» գիրքի շնորհահանդէսը (գերմաներէն լեզուով գիրքը լոյս տեսած է «Կարմիրը պատերազմ է» վերնագրով):

Հայաստան 20 տարիէ աւելի է, որ կը մասնակցի Ֆրանքֆուրթի ցուցահանդէսին։