Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Արիւնաստեղծ ցողունային բջիջներու պատուաստումը կեանքեր կը փրկէ

Հայաս­տա­նի մէջ արիւ­նաստեղծ ցո­ղու­նա­յին բջիջ­նե­րու առա­ջին պա­տուաս­տումը (greffe) կա­տարուեցաւ 2017-ին։

Այս շատ բարդ թեքնիքը ար­եան քաղցկե­ղի (լէօսեմիա, միելո­մա, լիմ­ֆո­մա) արդիւ­նա­ւէտ միակ բուժումն է: Ֆրան­սացի եւ եւրո­պացի ար­իւնա­բան­նե­րու աջակ­ցութիւ­նը էական նշա­նակութիւն ու­նէր հայ ար­իւնա­բան­նե­րու վե­րապատ­րաստութեան համար եւ այդ կարելի եղաւ «Transplant to Armenia» ընկերակցութեան թանկագին հա­մագոր­ծակցութեամբ: Հա­յաս­տան այ­սօր միակ եր­կիրն է Կով­կա­սի մէջ, ուր կը կատարուի այս բու­ժումը։

Մինչ օրս իրա­կանա­ցուած է աւե­լի քան 150 պա­տուաս­տում (մի­ջին ար­ժէ­քը՝ 30.000 տոլար):

Անոնք, որոնք կը փափաքին ծանօթանալ «Transplant to Armenia»-ի գոր­­ծունէու­թեան եւ աջ­ակցիլ անոր, կրնան այցելել ընկերակցութեան կայ­քէջը այս հասցէով՝ https://www.transplantarmenia.org/ ■