Search
Close this search box.

Հայաստան-Արցախ միջկառավարական յարաբերութիւնները վնասուած

Կան կարմիր գիծեր, զորս պէտք չէ հատել, յատկապէս երբ խնդիրը կը վերաբերի պետականութեան հիմքին, երկրի գերագոյն իշխանութեան ընտրութեան, ինչ որ պարագան է Արցախի Հանրապետութեան նախագահութեան։ Արցախի ռուսամէտ քաղաքական ուժերը Արցախի ընտրեալ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը մղեցին պաշտօնէն հրաժարելու, փոխարէնը հապճէպ խորհրդարանական ընտրութեամբ այդ պաշտօնին նշանակեցին Սամուէլ Շահրամանեանը, Արցախի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան պետը, որ կը մնայ քաղաքականապէս անծանօթ անձնաւորութիւն մը։

Արցախի նոր նախագահի ընտրութիւնը չարժանացաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ շնորհաւորանքի։ Վարչապետ Փաշինեան սոյն ընտրութեան վերաբերեալ հարցումին պատասխանեց՝ ըսելով՝ «ի՞նչ շնորհաւորելու բան կայ։ Սակայն բարի երթ կը մաղթեմ, այնքան որ ծանր պիտի ըլլայ անոր բեռը»։ 

Մէկ բան յստակ է, որ Ազերպայճան եւ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը պիտի չընդունէին Արցախի մէջ նոր ընտրութիւններու արդիւնքը։ Այդպէս ալ եղաւ, ԵՄ, ԱՄՆ, Թուրքիա եւ այլ երկիրներ պաշտօնապէս յայտարարեցին ընտրութեան մերժումը… Պատերազմական պայմաններու մէջ բնական է, որ որեւէ կառավարական ընտրութիւն Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ համար պատրուակ է ամբաստանելու Հայաստանի իշխանութիւնները բանակցութիւնները խոչնդոտելու մեղադրանքով։ 

Այս կէտէն սկսաւ Ազերպայճանի լայնածաւալ յարձակումի նախապատրաստութիւնը, որուն դիմաց Սեպտեմբեր 9-ին Հայաստանի վարչապետը հեռաձայնային հինգ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ միջազգային եւ դրացի պետութիւններու ղեկավարներուն հետ, սկսելով Ֆրանսայէն, յետոյ՝ Գերմանիա, Իրան, ԱՄՆ եւ Վրաստան, որոնց բոլորին նպատակն էր Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ հաւանական յարձակում մը կանխելը։ Իսկ նախագահ էրտողան G20-ի վեհաժողովէն վերադարձին յայտարարած էր, որ Սեպտեմբերի 11-ին պիտի բանակցի Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հետ, եւ գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն անընդունելիութիւնն ու անոնց հետեւանքները։

Պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեան զգուշացուց. «Մեր տարածաշրջանը այնպիսին է, որ պատերազմի սաստկացումի վտանգը մշտապէս առկայ է, սակայն մենք՝ որպէս պետութիւն, պէտք է ձեռնարկենք քայլերու, որպէսզի գործը սաստկացման, առհասարակ ռազմական մեծ գործողութիւններու չհասնի»։

Իսկ Արցախի նորանշանակ նախագահին առաջին գործը եղաւ համաձայնիլ Ակնայ-Ստեփանակարտ ճանապարհի բացումին՝ ռուսական Կարմիր Խաչի մարդասիրական օգնութեան մէկ բեռնակառքին թոյլ տալով անցնիլ։ Ազերպայճանի համար սկզբունքային հարց էր առաջին բեռնափոխադրումը իր պարտադրած ներքին ուղիով։ Եւ կրցաւ պարտադրել իր պայմանը։ Իսկ Արցախցիներն ալ տիւ եւ գիշեր պահակութիւն կը կատարէին արգիլելու որեւէ ազերական ապրանքի Արցախ մուտքը Ակնայ-Ասկերան-Ստեփանակերտ ճամբով։ Բայց վերջապէս ռուս զինուորականներու եւ Արցախի կառավարութեան պնդումով ու հաւաստումով, թէ մարդասիրական բեռը զուտ ռուսական արտադրութիւն է եւ թէ այս մուտքին դիմաց ազերական կողմը թոյլ պիտի տայ բանալ Բերձորի միջանցքը, կարելի եղաւ ռուսական բեռնատարի մուտքը Արցախ։ 

Ազերի-ռուս-արցախեան այս բեմադրութիւնը տեղի ունեցաւ հակառակ արեւմտեան մեծ պետութիւններու տասնեակ անգամներ Բերձորի միջանցքը բանալու կոչերուն։ Մէկ խօսքով՝ Ռուսերը եւ Ազերիները իրենց բեմադրութիւնը յաջողցուցին, Արցախի նորընտիր նախագահ՝ Սամուէլ Շահրամանեանի եւ զինք իշխանութեան գլուխ բերած կուսակցութիւններու օրհնութեամբ, որոնք դեռ երէկ Ակնայ-Ստեփանակերտ ճանապարհը կը կոչէին՝ «մահուան ճանապարհ», իսկ նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ ստիպեցին, որ հրաժարի նոյն պատճառով։

Փաստօրէն, ազերպայճանական զօրքերու անցեալ շաբթուան կուտակումներուն ճնշումը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ։ 

Արցախի իշխանութիւնները տեղի տուին, առանց որեւէ երաշխիք ունենալու, որ ազերական կողմը պիտի յարգէ իր խոստումը կամ նորանոր պայմաններ պիտի չդնէ Բերձորի միջանցքի բացումին։

Պատերազմի անմիջական վտանգը կասեցուած է, սակայն Հայաստան-Արցախ միջկառավարական յարաբերութիւնները մեծապէս վնասուած են։

Ժ.Չ. ■