Search
Close this search box.

Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու դեսպաններու՝ Շուշի այցելութեան Պաքուի հրաւէրը մերժելու կեցուածքը

 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան, «Արմէնփրէս»-ի հարցումին պատասխանելով անդրադարձած է Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու դեսպաններու՝ Շուշի այցելութեան Պաքուի հրաւէրը մերժելու կեցուածքին։ Ան ըսած է.-

“Վերահաստատում ենք մեր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղ միակողմանի այցերի անընդունելի բնոյթի վերաբերեալ: Համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը պէտք է ներգրաւուած լինի միջազգային համագործակցութեան եւ աջակցութեան ծրագրերում: Միաժամանակ, բարձր ենք գնահատում ա՛յն երկրների դիրքորոշումը, որոնք խոր պատկերացում ունենալով հակամարտութեան մասին՝ հրաժարուել են նմանօրինակ միակողմանի արարքին մասնակցելուց”։