Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան Յունիս 14-ին յայտնած է, թէ բողոքագիր յղուած է Պելառուսին, ի պատասխան նախորդ օրը այդ երկրի ԱԳՆ-ի ներկայացուցիչին կատարած մեկնաբանութեան, մասնաւորապէս Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու առնչութեամբ:
«Երկրի ապագայի մասին մտածող ղեկավար ունենալու մաղթանքներ յղելիս մաղթողն ինքը պէտք է սեփականը ունենայ: Բելառուսի պարագային այս պահին դա յիրաւի շռայլութիւն է»,– ըսած է Բադալեան:
Նշենք,թէ Յունիս 13-ին, Պելառուսի ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Անաթոլի Կլազ յայտարարած էր.
«Կարեւոր է հասկնալ, որ Հայաստանի հետ ունինք երկարամեայ սերտ, բարեկամական յարաբերութիւններ եւ ընդհանուր պատմութիւն, այսօր նաեւ փոխշահաւէտ առեւտուր ու սերտ գործարար շփումներ։ Մենք նպատակ չունինք վատթարացնելու այդ յարաբերութիւնները, որքան ալ արտաքին դերակատարները դրդեն Հայաստանի ղեկավարութիւնը։ Մենք երբեք բան մը չենք ըրած մեր ընկերներուն վնաս հասցնելու համար, չենք խառնուիր անոնց ներքին գործերուն, կը յարգենք հայ ժողովուրդը եւ անկեղծօրէն կը մաղթենք առաջնորդներ, որոնք իրապէս կը մտածեն երկրի ապագային եւ ժողովուրդի բարօրութեան մասին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։