Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Դատարանը դադրեցուցած է Ռոբերտ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Աննա Դանիբէկեանի նախագահութեամբ որոշում կայացուցած է դադրեցնելու Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը՝ վաղեմութեան ժամկէտի սպառման հիմքով։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ դատարանը վերցուցած է նաեւ Քոչարեանի՝ արտասահման մեկնելու արգելքը եւ անոր գոյքին վրայ դրուած գրաւը։ Բացի ատկէ, ըստ դատարանի որոշումին՝ գրաւի գումարը վերադարձուած է երկրորդ նախագահին։