ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ ժամանակակից արուեստի «Armenia Art Fair»-ը

«Արմէնփրէս».- Համախմբելով արուեստագէտներ, ոլորտի մասնագէտներ ու միջազգային ծանօթ համադրողներ՝ «Armenia Art Fair»-ը Երեւանի մէջ կը սկսի ժամանակակից արուեստի շաբաթը, որու շրջանակին մէջ կը ցուցադրուին Հայաստանի, Կովկասի եւ այլ տարածաշրջաններու մէջ ստեղծագործող արուեստագէտներու աշխատանքները։

Փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենար Մայիս 27-ին «Երեւան Էքսպօ» կեդրոնին մէջ։

«Աւելի քան մէկ տարուան ընդմիջումէ ետք, նոր պայմաններուն յարմարելով, “Armenia Art Fair” կը վերադառնայ՝ սիրով ընդունելով ինչպէս իր նախկին միջոցառումներուն մասնակցած ծանօթ արուեստագէտները, այնպէս ալ նոր մասնակիցներ տարածաշրջանէն։ “Armenia Art Fair”-ը եզակի միջոցառում է՝ բացայայտելու ժամանակակից արուեստը եւ արուեստագէտներ Հայաստանէն, Կովկասէն եւ այլ տարածաշրջաններէն, ինչպէս՝ Մերձաւոր Արեւելքէն, Հիւսիսային Ափրիկէէն ու Ասիայէն։ Ան յարմար հարթակ է թէ´ կայացած ցուցասրահներու, թէ´ նորեկներու համար, բաց եւ աշխուժ միջավայր, ուր հաւաքորդներն ու հանրութիւնը կրնան խելամիտ գինով արուեստի բարձրորակ գործեր ձեռք բերել։

“Armenia Art Fair”-ին որպէս գլխաւոր գործընկեր միացած է “Ամերիաբանկ”-ը` նպաստելով հայ հասարակութեան հաղորդակից դառնալուն ժամանակակից արուեստի գործերուն»,– ըսուած է «Armenia Art Fair»-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին՝ 2022-ին «Armenia Art Fair»-ը գեղարուեստական բացառիկ ձեռնարկի մը եւս գործակից պիտի դառնայ Հոնկ Քոնկի Hanart TZ պատկերասրահին հետ միասնաբար կազմակերպելով չինացի ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքներու երկար ատենէ ի վեր սպասուող ցուցադրութիւնը։

«Այս տարուան “Կրթութիւն եւ մշակոյթ” ծրագիրը՝ արուեստի փորձագէտներու եւ ազդեցիկ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, պիտի անդրադառնայ տարածաշրջանի զարգացման կարեւոր հարցերուն եւ միտումներուն համաշխարհային արուեստի շրջածիրին մէջ։ Ծրագիրը կը վարէ բրիտանացի արուեստի փորձագէտ եւ գրող դոկտ. Իյեն Ռապըրթսըն։

“Armenia Art Fair”-ի “Հանդիպի´ր գալերիստներին» հարթակի շրջանակին մէջ միջազգային ծանօթ ցուցասրահներու հիմնադիրներն ու ղեկավարները ժամանակակից արուեստի միտումներուն շուրջ սեմինարներ պիտի վարեն։ Մասնաւորապէս, խօսնակներու մէջ են Սունտարամ Թակոր՝ արուեստաբան, ցուցասրահի պատասխանատու (արուեստի մասնագէտ) եւ շարժարուեստի մրցանակակիր բեմադիր, Չանկ Ցոնկ-Զունկ՝ համադրող, “Hanart TZ” ցուցասրահի գեղարուեստական ղեկավար եւ հնդկա-չինական “West Heavens” մշակութային փոխանակումներու ծրագրի նախաձեռնող, Ճենըթ Ռետի՝ ժամանակակից արուեստի մասնագէտ, Լոնտոնի եւ Տուպայի “Janet Rady Fine Art” ցուցասրահի հիմնադիր։

“Armenia Art Fair 2022”-ը նաեւ պիտի անդրադառնայ “Արուեստ եւ արհեստագիտութիւն” բնաբանին՝ բացայայտելու նմանակայինի (analogique) եւ թուայինի, տեսողական պատկերներու, նիւթի, ձայնի եւ արհեստագիտութեան խաչաձեւումները ժամանակակից արուեստի գործադրման մէջ՝ կեդրոնանալով չփոխարկուող նշաններու (non-fungible token, NFT – jeton non fongible) եւ արուեստի թուայնացման վրայ։

“Ուշադրութեան կենտրոնում» ձեւաչափի շրջանակին մէջ պիտի քննարկուի “Մշակութային կայունութիւնը եւ շահ չհետապնդող հատուածի դերը տարածաշրջանային եւ ազգային արուեստի զարգացման գործին մէջ” բնաբանը։ Կլոր սեղանի հիմնական բանախօսները պիտի ըլլան Պելճիքայի մէջ գործող “Պօղոսեան” հիմնադրամէն Ժան Պօղոսեան եւ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի հիմնարկի հիմնադիր եւ տնօրէն Նազարէթ Կարոյեան։

“Armenia Art Fair 2022”-ի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Իյեն Ռապըրթսընի “Հայ ժամանակակից արուեստի ուղեցոյց” գիրքի շնորհահանդէսը. գիրքին ստեղծման մասնակցած է նաեւ Նազարէթ Կարոյեան։ Գիրքը հրատարակած է “Armenia Art Fair” արուեստի հիմնադրամը, “Գալուստ Կիւլպէնկեան” հիմնարկութեան աջակցութեամբ։

“Armenia Art Fair”-ի շրջանակին մէջ պիտի բացուի գործընկերային երկու ցուցահանդէս՝ լիբանանահայ գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանի “Ասիմետրիկ բալանս” ցուցահանդէսը՝ «ՀԲԸՄ Հայաստան»-ի գրասենեակին մէջ, եւ Քաթարինա Մատերթաների “Տնից լաւ տեղ չկայ” ցուցահանդէսը՝ “Դալան” ցուցասրահին մէջ»,– կը յայտնեն փառատօնէն։ ■