Մարտ 26-ին, Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուած է Վրացագիտութեան կեդրոնին։ Ներկայ եղած են Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյ-
թի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ Վրաստանի իր պաշտօնակից Կիորկի Ամիլախվարի, Պետական համալսարանի տնօրէն Յովհաննէս Յովհաննիս-
եան, Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Հայոցեան, Լեզուի յանձնաժողովի նախագահ Սիրանոյշ Դվոյեան:
Տիկին Անդրէասեան իր ելոյթին նշած է, թէ կրթութեան բնագաւառին մէջ երկու երկիրներու միջեւ առկայ է համագործակցութիւնը ընդլայնելու մեծ ներուժ։
Վրացի նախարարը պատմական իրադարձութիւն որակած է Պետական համալսարանին մէջ Վրացագիտութեան կեդրոնին հաստատումը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։