Search
Close this search box.

Հայաստան եւ Սաուտական Արաբիա քննարկած են յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Սաուտական Արաբիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու պետական նախարար Ատել Պին Ահմէտ Ալ-Ժուպէյրի հետ:

Նախարարները քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգերու ձեւաւորման եւ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները: Անոնք ընդգծած են առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման եւ ներդրումային ծրագրերու իրագործման կարեւորութիւնը:

Միրզոյեան յայտնած է, թէ Հայաստան կ՚ընդառաջէ «World Expo 2030»-ը Ռիատի մէջ կազմակերպելու Սաուտական Արաբիոյ դիմումին: