ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Թումոյի «42 Երեւան» դպրոցը համաշխարհային լաւագոյն 100 նորարարական համալսարաններու ցանկին մէջ 8-րդ տեղը գրաւած է

 

Թումոյի «42 Երեւան» ծրագրաւորման անվճար դպրոցը ներառուած է համաշխարհային լաւագոյն 100 նորարարական համալսարաններու 2022-ի ցանկին մէջ։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ MIT-ի, Սթենֆորտի եւ Պըրքլիի համալսարաններուն հետ նոյն շարքին մէջ «42 Երեւանը» 8-րդ տեղը գրաւած է։ Ծրագրաւորման դպրոցը նաեւ առաջինն է WURI-ի «Էթիկական արժէք ներկայացնող 50 համալսարաններ»-ու վարկանիշային ցանկին մէջ:

«42 Երեւան»-ը ծրագրաւորման անվճար դպրոց է, որուն նպատակն է կրթել ոլորտի ապագայ լաւագոյն մասնագէտները: Եւրոպական Միութեան կողմէ գանձատրուող ԵՄ Թումօ երկրաչափական եւ կիրառական գիտութիւններու համալիրի գլխաւոր նախագիծերէն մէկուն՝ Թումօ տարրալուծարաններուն մաս կազմող կեդրոնը իր տեղը գտած է ֆրանսական առաջատար 42 ծրագրաւորման դպրոցներու ցանցին մէջ, որուն մէջ արդէն իսկ ներառուած են Սէուլը, Ռիօ տէ Ժանէյրօն, Մոսկուան, Ամսթերտամը եւ 26 այլ քաղաքներ ամբողջ աշխարհի մէջ:

«42» կրթական ծրագիրը հիմնուած է խաղային ձեւաւորում ունեցող, ինքնուսուցողական հարթակի վրայ, ուր ուսանողները կ’իրականացնեն գործնական առաջադրանքներ եւ կը կատարելագործեն իրենց հմտութիւնները: Ուսումնական ծրագիրը կ՚առաջարկէ 150-էն աւելի նախագիծ, որոնք անընդհատ կը թարմանան՝ համապատասխան դառնալով ոլորտի նորագոյն պահանջներուն: