ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմէն տեղեկացուցած են, թէ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Իրանի նախագահ Ռայիսիի հետ։
Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ վարչապետը Իրանի նախագահին հետ միտքերու փոխանակում ունեցած է Մայիս 22-ին Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման վերաբերեալ: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, Հայաստանի և Ազերպայճանի միջև պետական սահմանի սահմանագծման աշխատանքները սկսելուն, ԼՂ հարցի կարգաւորման հեռանկարներուն:
Զրոյցի ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած են Հայաստան-Իրան երրորդ ելեկտրագիծի, Հիւսիս-Հարաւ կառուղիի կառուցման, ուժանիւթի ոլորտին վերաբերող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։