Search
Close this search box.

«Հայաստան» խմբակցութենէն Արթուր Ղազինեան կը հրաժարի իր երեսփոխանական լիազօրագրէն

 

Յուլիս 4-ին, ԱԺ-ի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Ղազինեան հրաժարած է իր երեսփոխանի լիազօրագրէն։ Ան՝ այս առթիւ յայտարարած է, թէ ստեղծուած կացութեան մէջ ճիշդ եւ արդարացուած որոշում կը կայացնէ։

«Վերահաստատում եմ Հայաստանում եւ Արցախում ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ իմ բոլոր գնահատականներն ու այս իշխանութեան հասցէին հնչեցրած բոլոր որակումները. ազգակործան հողատու դաւաճանի տեղը բանտում է:

“Դիմադրութեան” շարժումը այս պահին գոյութիւն ունեցող միակ հարթակն է, որ ի զօրու է կանխել նոր դաւաճանութիւններն ու զիջումները. շարժումը պէտք է պահել եւ ուժեղացնել։ Որպէս ՀՀ արժանապատիւ քաղաքացի շարունակելու եմ մասնակցել եւ բոլորին կոչ եմ անում մասնակցել շարժումի կազմակերպած բողոքի գործողութիւններին»,– իր հրաժարականի դիմումին մէջ մասնաւորապէս ընդգծած է Ղազինեան։