Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Կեանքին հրաժեշտ տուած է թատերագէտ, բանասէր եւ մատենագէտ Բախտիար Յովակիմեան

Յունիս 16-ին, 96 տարեկանին կեանքին հրաժեշտ տուած է թատերագէտ, բանասէր  եւ մատենագէտ Բախտիար Յովակիմեան։ Տեղեկութիւնը հաղորդած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւնը։

Բախտիար Յովակիմեան ծնած է 1926 Մայիս 1-ին, Տաւուշ։ 1947-ին աւարտած է Պաքուի  «Լ․ Երամեան» հայկական թատրոնի դրամատիկական բաժինը, իսկ 1952-ին՝ Երեւանի թատերական հիմնարկը։

1953-էն 1958 աշխատած է Պաքուի «Կոմունիստ» (հայերէն) թերթի խմբագրութեան մէջ։ 1958-էն 2008 աշխատակցած է Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի թատերական բաժնին, զոր գլխաւորած է  1963-էն սկսեալ։

Թատերագէտին  վաստակը նշանակալից է արխիւային գործի, հայ թատրոնի փաստագրութեան բնագաւառներուն մէջ: Ուշագրաւ են Պ. Ադամեանին, Սիրանոյշին, Յովհ. Աբէլեանին եւ հայ բեմի այլ երախտաւորներուն նուիրուած անոր յօդուածներն ու աշխատութիւնները: Ան նախաձեռնած է նաեւ Պարսկահայ թատրոնի հանրագիտարանի ստեղծման աշխատանքներուն, որոնք տեւած են շուրջ 20 տարի։ Հոն մօտաւորապէս 420 անձի (դերասան, երգիչ) մասին համառօտ կենսագրականներ կան։ 

Անգերազանցելի է Յովակիմեանի աշխատասիրութեամբ կազմուած «Հայոց ծածկանուններու բառարան»-ը: