Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԿԻՊՐՈՍ. Հայաստան դիւանագիտական գրասենեակ պիտի բանայ Կիպրոսի մէջ

Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Ալպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան (նստավայրը՝ Աթէնք), Կիպրոսի հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ Հայաստան կը ծրագրէ  գալ տարի դիւանագիտական գրասենեակ բանալ Կիպրոսի մէջ։

Կիպրոս կատարած առաջին պաշտօնական այցի ընթացքին  դեսպանը յոյս յայտնած է, որ մօտ ապագային Կիպրոս եւս դիւանագիտական գրասենեակ կը բանայ Հայաստաի մէջ:

«Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձած է նաեւ եռակողմ ձեւաչափով Կիպրոս-Հայաստան-Յունաստան համագործակցութեան, նշելով որ՝ այդ համածիրին մէջ տեղի ունեցած են շարք մը հանդիպումներ, ուր արծարծուած են ռազմական, քաղաքական, Սփիւռքին առնչուող հարցեր, յուսալով որ համագործակցութեան շրջանակը առաւել կ՚ընդլայնուի»,– նշուած է Յունաստանի ՀՀ դեսպանութեան Դիմագիրքի էջին տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ։

Դեսպանը հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի՝ Սփիւռքի հարցերու յանձնակատարին հետ

Կիպրոս իր այցելութեան ընթացքին, դեսպան Տիգրան Մկրտչեան Նիկոսիոյ մէջ տեսակցած է Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի մարդասիրական եւ Սփիւռքի հարցերու յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուի հետ:

Հանդիպումին՝ կողմերը անդրադարձած են երկու երկիրներու միջեւ եղբայրական ու երկարամեայ յարաբերութիւններուն, նշելով որ՝ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդները միաւորողը ընդհանուր պատմութիւնն է, արժեհամակարգը եւ մարտահրաւէրները:

Դեսպանը շեշտած է նաեւ անցեալ Յունիս 24-ին Յունաստանի Փաթրաս քաղաքին մէջ ստորագրուած եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան յուշագրին կարեւորութիւնը:

Կիպրացի պաշտօնակատարն ալ նշած է, որ երեք երկիրները (Հայաստան, Յունաստան, Կիպրոս) աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ունին բաւական գործուն համայնքներ` իւրաքանչիւրը իր կազմակերպուած կառոյցներով։ Ան աւելցուցած է, որ չափազանց կարեւոր է օգտագործել սփիւռքի առկայ ներուժը՝ ընդհանուր օրակարգերը ներկայացնելու, ընդհանուր նպատակները եւ շահերը կեանքի կոչելու գործին մէջ:

Դեսպան Մկրտչեան յատկապէս ընդգծած է կիպրահայ համայնքին դերակատարութիւնը՝ հայ-կիպրական յարաբերութիւններու խթանման եւ անոնց ա՛լ աւելի ամրապնդման գործընթացներուն մէջ: