Հայաստանի դպրոցներուն մէջ այսուհետեւ «Հայոց պատմութեան» փոխարէն կը դասաւանդուի «Հայաստանի պատմութիւն» առարկան.կառավարութիւնը Յուլիս 11-ին տեղի ունեցած նիստին հաստատած է որոշումը։
Նիստին ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համաձայն՝ հանրային կեանքի կեդրոնը պէտք է դնել պետութիւնը։
“Իմ գնահատմամբ, մենք մի պրոցեսի մէջ ենք, որ հիմա փորձում ենք, ըստ էութեան, բարձրանալ դէպի պետական ընկալման աշտարակ, որտեղից աշխարհը երեւում է բոլորովին այլ կերպ։ Սա չափազանց կարեւոր հոլովոյթ է, այստեղ միայն անունների փոփոխութեան հարց չէ”,– ըսած է ան՝ շեշտելով, որ եթէ կ՚ուզեն, որ պետութեան հզօրացման, կայացման եւ պետութեան յարատեւութեան ապահովման հոլովոյթները տեղի ունենան, պէտք է այդ խնդրին լուծումը գտնել նաեւ կրթութեան ոլորտին մէջ։
Իսկ թէ ո՞րն է տարբերութիւնը «Հայաստանի պատմութեան» եւ «Հայոց պատմութեան», Փաշինեան պարզաբանած է. “Հայաստանի պատմութիւնը պետութեան գոյութեան զարգացման պատմութիւնն է՝ պետութեան չգոյութեան դրուագներով, իսկ Հայոց պատմութիւնը՝ պետութեան չգոյութեան պատմութիւնն է՝ պետութեան գոյութեան դրուագներով”։ Ան աւելցուցած է.
“Մենք յուզումների ժողովրդից պէտք է ապահովենք մեր փոխակերպումը դէպի պետութեան ժողովուրդ, որովհետեւ պետութիւնը բոլորովին ուրիշ մշակոյթ է, պետութիւնը բոլորովին ուրիշ մտածողութիւն է եւ այն պէտք է հետեւողական ներդրուի Հայաստանի Հանրապետութիւնում ամբողջական, աստիճանաբար”։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։