Հետազօտողները մարդոց համար նախատեսուած ապաստարան յայտնաբերած են Հայաստանի մէջ, ուր կան բազմաթիւ գտածոներ։
Հնագոյն կացարանը յայտնաբերուած է Վայոց ձորի մարզին մէջ Եղէգիսի հովիտին գտնուող ժայռային ապաստարանի հնագիտական պեղումներու ընթացքին։ Համաձայն Antiquity ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան՝ 2020 թուականին յայտնաբերուած ապաստարանի տանիքը փլած ըլլալով առաւելաբար կը պարզէ պատի նման կառոյցի մը պատկերը։
2022-ին ապաստարանի մուտքին մօտ 6 ոտնաչափ խորութեամբ փոս փորուած է, որուն մէջ մարդկային գործունէութեան հետքեր յայտնաբերուած են։
Տարածքին մէջ յայտնաբերուած է շուրջ 8000 անասունի ոսկորներու մնացորդներ, որոնց մեծ մասը այծերու ու ոչխարներու, իսկ միւսները՝ խոզերու, եղնիկներու, խոշոր եղջերաւոր անասուններու եւ արջերու:
Յայտնաբերուած մնացորդները ենթարկուած են ռատիօածխածնային թուագրման, ինչ որ շատ շահեկան արդիւնքներու բացայայտման առիթ ընծայած է։ Այսպէս, հաստատուած է, որ անոնցմէ ամենահինը աւելի քան 5300 տարուան է: Գտնուած են նաեւ շուրջ 2000 այլ գտածոներ, ի շարս որոնց պղինձի կտորներ, օպսիտիանի շեղբեր, ուլունքներ եւ խեցեղէն:
Ըստ հետազօտողներուն՝ «Եղէգիսի ապաստարանի ուսումնասիրութեամբ ձեռք բերուած նախնական արդիւնքները ցոյց կու տան այդ տարածաշրջանի ներուժը եւ կարեւոր պատկերացումներ՝ այդ դարաշրջանի մարդոց ապրելակերպին մասին»։
Վայրին հետագայ ուսումնասիրութեան համար նախատեսուած են լրացուցիչ պեղումներ՝ տարածաշրջանին մէջ հնագոյն շրջանի մարդոց գործունէութեան վրայ լոյս սփռելու նպատակով: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։