Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ – Օհանաւանի մէջ յայտնաբերուած է միջնադարեան ժայռափոր դամբարան մը

Օհանաւանի տարածքին Քասախի կիրճին մէջ, բնակիչներէն մէկը իր հողին վրայ աշխատելու պահուն յայտնաբերած է միջնադարեան ժայռափոր դամբարան մը: Լուրը կը հաղորդէ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութիւնը։

«Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան» կազմակերպութեան Արագածոտնի մարզային ծառայութեան կողմէ դէպքը արձանագրուած եւ աշխատանքները դադրեցուած են: Քննարկուած է յայտնաբերուած հնագիտական առարկաները պետութեան յանձնելու եւ հրատապ պեղումներու անհրաժեշտութիւնը: Յառաջիկային նոր յայտնաբերուած դամբարանը պիտի վկայագրուի եւ ստանայ նաեւ նորայայտ յուշարձանի կարգավիճակ»,– նշուած է ԿԳՄՄ-ի այս կապակցութեամբ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: