Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ – Արցախցի 120 երեխաներ մեկնած են Հունգարիա՝ մասնակցելու ամառնային ճամբարի

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու (ԱԸՀ) նախարարութեան համակարգումով՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած 120 երեխաներ մեկնած են Հունգարիա՝ մասնակցելու ամառնային ճամբարի։

ԱԸՀ նախարարի տեղակալ Տաթեւիկ Ստեփանեան Օգոստոս 19-ին Զուարթնոց օդակայանէն ճամբած է մեկնող փոքրիկները։

Հունգարիոյ Պալաթոն լճափը գտնուող Զանքայի Էրզեպեթ ճամբար մեկնած են 8-էն 14 տարեկան երեխաներ ու պատանիներ, ուղեկցութեամբ շուրջ 30 հոգեբաններու, բժիշկներու եւ մանկավարժական աշխատանքի փորձառութիւն ունեցող անձերու։

Արցախէն բռնի տեղահանուած երեխաներուն համար Հունգարիոյ մէջ ամառնային ճամբարի փորձնական ծրագիրը կ՚իրագործուի Հայաստանի եւ Հունգարիոյ կառավարութիւններու միատեղ ջանքերով, աջակցութեամբ երկու երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն։

Պատասխանատուները կը նախատեսեն նախաձեռնութեան շարունակական բնոյթ ստանալը՝ ճամբար մեկնելու կարելիութիւն ընձեռելով Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ 1.000 երեխայի։