Հայաստան հրապարակած է Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման 6 կէտերը

ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան Հանրային հեռատեսիլէն հրապարակած է Ազերպայճանի 5 կէտերուն ի պատասխան Հայաստանի ներկայացուցած վեց կէտերը, որոնք են.-

1- Առաջին կէտին նշուած է, որ Մարտ 11-ին ստացուած է Ազերպայճանի առաջարկը։

2- Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ ունեցած եւ չունի հողային պահանջներ Ազերպայճանի նկատմամբ:

3- Հայկական կողմին համար հիմնական են ԼՂ-ի Հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգանքի, ինչպէս նաեւ ԼՂ վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցերը։

4- Հայկական կողմը կարեւոր կը համարէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նոյեմբեր 9-ի, Յունուար 11-ի, Նոյեմբեր 26-ի յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները (ռազմագերիներու վերադարձը, հաղորդակցութեան ճամբաներու բացումը):

5- Հայկական կողմը պատրաստ է սկսելու բանակցութիւններ խաղաղութեան, յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագիր կնքելու Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համար ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքացիական եւ Քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագրի եւ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթի հիման վրայ։

6- Համապատասխան բանակցութիւններու կազմակերպման համար հայկական կողմը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն։