Հայաստանի Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչ Եղիղէ Կիրակոսեան
Հայաստանի Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցչի գրասենեակը հրապարակած է յայտարարութիւն մը Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու նկատմամբ յարուցուած քրէական գործերու դատաքննութեան վերաբերեալ:
«Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու նկատմամբ յարուցուած քրէական գործերու դատաքննութեան մեկնարկին առնչութեամբ Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցչի գրասենեակը յիշեցման կարգով կը յայտնէ, որ 2022 եւ 2024 թուականներուն իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար մեղադրուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու արդար դատաքննութեան, ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած երկու միջպետական գանգատ ներկայացուցած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (ՄԻԵԱ)։
Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցչի գրասենեակը կը հետեւի նաեւ այս օրերուն Ազերպայճանի մէջ ընթացող դատավարութիւններուն։ Կը փափաքինք տեղեկացնել, որ ըստ սահմանուած ընթացակարգի եւ ժամկէտներու Եւրոպական ատեան պիտի ներկայացուին անհրաժեշտ յաւելեալ փաստեր եւ պահանջներ»,– կ՚ըսուի յայտարարութեան մէջ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։