Յուլիս 25-ին, ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Ռոբերտ Խաչատրեան «Ազատութիւն» լրասփիւռի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին Հայաստան տիեզերք պիտի արձակէ իր երկրորդ արբանեակը:
“Երկրորդը լինելու է նոյնպէս նկարներ առնող արբանեակ։ Ժամկէտեր չեմ կարող ասել, բայց՝ 23 թուականի, 24 թուականի մօտակայքում”,– նշած է նախարարը:
Հայաստան իր առաջին արբանեակը՝ ArmSat_1-ը տիեզերք արձակած էր անցեալ Մայիսին։ Պաշտօնական տեղեկութեան համաձայն՝ ան պիտի գործէ նուազագոյնը չորս տարի։
Հայաստան միասնական տաղաւարով կը մասնակցի Փարիզի «73-րդ միջազգային տիեզերագնացութեան համաժողով»-ին
Միւս կողմէ, Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ Հայաստան կը մասնակցի Սեպտեմբեր 18-էն 22 Փարիզի մէջ կայանալիք «73-րդ միջազգային տիեզերագնացութեան համաժողով»-ին, որու շրջանակին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Տիեզերքը բոլորին համար» խորագրով ցուցահանդէսը:
Նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ նկատի ունենալով ցուցահանդէսին ծաւալը եւ ձեւաչափը, Հայաստան կը նախատեսէ հոն ներկայանալ միասնական տաղաւարով՝ ներկայացնելով հայկական լուծումները տիեզերական եւ բարձր արհեստագիտութիւններու բնագաւառներուն մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։