Հայկ Մարութեան՝ Երեւանի աւագանիի Փետրուար 7−ի արտակարգ նիստին
Իշխանութեան խմբակցութիւնները Երեւանի աւագանիի (Քաղաքային խորհուրդ) Փետրուար 7-ի արտակարգ նիստին «Հանրային ձայն»-ի օգնութեամբ Աւագանիի անդամի իր լիազօրութիւններէն զրկած են «Ազգային առաջընթաց» խմբակցութենէն Հայկ Մարութեանը, որ նախկին քաղաքապետն էր: Աւագանին իրենց լիազօրութիւններէն զրկած է նաեւ «Մայր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Նարինէ Հայրապետեանը եւ Սոնա Աղէկեանը: «Հանրային ձայն»-ի երկու անդամները դէմ քուէարկած են Զարուհի Փոստանջեանն ու Գէորգ Ստեփանեանը եւս իրենց լիազօրութիւններէն զրկելու առաջարկին։
Ներկայացուած է վիճակագրութիւն, ըստ որուն՝ Մարութեան Աւագանիի 42 քուէարկութիւններէն ոչ մէկուն մասնակցած է, իսկ իրենց լիազօրութիւններէն զրկուած միւս ընդդիմադիրները շարունակ պոյքոթի ենթարկած են նիստերը:
Նիստի ընթացքին դահլիճ մտած է Հայկ Մարութեան ու յայտարարած, թէ սա քաղաքական հաշուեյարդար է։ Յիշեցուցած է, որ երբ ինք քաղաքապետ էր ու նոր հանրակառքեր ներածելու հարցը կը քննարկուէր, իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան անդամներն ալ այդ ծրագիրը պոյքոթի կ՚ենթարկէին: Բացատրած է, թէ իր բացակայութիւններն ալ պոյքոթ է՝ «քաղաքական պայքարի միակ մեթոդն այս պահին»։
“Ինչո՞ւ նախորդ գումարման ժամանակ չէիք հեռացնում ձեր տասնեակ թիմակիցներին, որոնք տարիներով նիստերին չէին մասնակցում, որովհետեւ ձեր դէմ դուրս չէի՞ն գալիս։ Գիտէ՞ք ում էք հեռացրել անցած գումարման ժամանակ՝ Լուսինէ Մխոյեանին՝ յղի կնոջը, ի դէպ՝ այն բանի համար միայն, որ երբ որ ինձ քաղաքապետի պաշտօնից հանում էիք, նա ձեզ չմիացաւ։ Այսպէս էք դուք”,– ըսած է Մարութեան՝ շարունակելով. “Մեզ էք հանում, որովհետեւ, այո՛, ձեր դէմ ենք դուրս եկել, պահանջում ենք ձեր հրաժարականը։ Մարդիկ մեզ ընտրել են հինգ տարով, ու դուք երեք ամսուայ գալ-չգալու համար ինձ հանո՞ւմ էք։ Ո՞վ է ձեզ այդ իրաւունքը տուել, դո՞ւք էք ինձ այդ լիազօրագիրը շնորհել, թէ՞ կարող է մտածում էք դուք իմ գործատուն էք։ Իմ գործատուն իմ ընտրողներն են, յարգելիներս, դուք ո՞վ էք”։
Մարութեան նաեւ ընդգծած է, որ Աւագանիի դահլիճէն դուրս ինք գործուն կերպով մասնակցած է ծրագրերու մշակման, հանդիպումներ ունեցած է քաղաքացիներուն հետ ու աշխուժ աշխատած է:
Քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան ու փոխքաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան կարճ արձագանգած են Մարութեանի ելոյթին։
“Եթէ դուք չէք եկել, որպէսզի չմասնակցէք Աւագանու որոշումներին, ձեզ համար, անկեղծ ասած, հետագայում նոյնպէս բան չի փոխուի, դուք կը շարունակէք չգալ եւ չէք մասնակցի Աւագանու նիստերին եւ որոշումներին”,– նշած է Աւինեան։
“Որ ասում էք՝ լռեցնել, լռեցնել, լռեցնել, դուք ընդհանրապէս ընկալո՞ւմ էք, որ լռեցնում են այն մարդուն, ով որ խօսում է։ Այսինքն՝ եթէ դուք նիստի չէք գալիս, ելոյթ չէք ունենում, ձեզ ինչի՞ համար պէտք է լռեցնեն”,– իր կարգին ըսած է Գրիգորեան։
Ընդդիմադիրները լիազօրագրէ զրկելու համար իշխանականները անհրաժեշտ մէկ քուէի փոխարէն ապահոված են «Հանրային ձայն» խմբակցութեան երկու քուէն: Թէեւ այս կուսակցութեան հիմնադիր, հետախուզման մէջ գտնուող նախկին ոստիկան Վարդան Ղուկասեան նախորդ օր կոչ ըրած է չներկայանալու նիստին, անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը չապահովելու ու տապալելու զայն, այդուհանդերձ, 5 հոգինոց այդ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Աւագեան ու անդամ Վահէ Եսայեան Փետրուար 7-ի նիստին իրենց աթոռները գրաւած են դահլիճին մէջ: Ընդդիմադիրները կը պնդեն, որ անոնք իշխանութեան ճնշումներուն ենթակայ են։
Վահան Աւագեան հաստատած է, որ նախորդ օր ներկայացած է Քննչական կոմիտէ, բայց մերժած է բացատրել, թէ ինչո՞ւ: Իսկ իրենց նկատմամբ բանեցուող ճնշումներու մասին ան ըսած է, թէ այդ միայն Վարդան Ղուկասեանի կողմէ կատարուած է, ուրիշ ոչ ոքի։
“Ի սկզբանէ Վարդան Ղուկասեանի հետ պայմանաւորուած էինք, որ այս նիստը պիտի լինի այս նոյն բովանդակութեամբ, ոնց այսօր անցաւ։ 15 րոպէ յետոյ փոխել ինչ-որ մի հատ պայմանաւորուածութիւն, յետոյ մի անգամ եւս փոխել, յետոյ որոշել, որ չենք գնում՝ իմ մօտ լուրջ կասկած կայ, որ մեր խմբակցութեան անդամները, կամ ինչ-որ մի միջոցով, կապուել են հէնց մեր ղեկավարի հետ, եւ ինձ ասուեց՝ կտրականապէս չէք գնում, բոյկոտում էք, ու պայման դրեց նաեւ իրենց, ասեց՝ չէք գնում մինչեւ վերջ, այսինքն՝ էս նիստին, միւս նիստին ու այդպէս շարունակ, մինչեւ քաղաքապետարանը քանդուի, բոյկոտուի։ Մեզ ասել էր՝ եթէ գնաք՝ այս կը լինի, ապա շանտաժներ եւ այլն”,– ըսած է Աւագեան։
Իր լիազօրագրէն նոյնպէս զրկուած Սոնա Աղէկեան ալ դահլիճ մտած է միայն իր ելոյթին համար. ան ըսած է, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը ոտնահարած է իր ընտրողի իրաւունքը՝ զինք Աւագանիէն արտաքսելով։
“«Մայր Հայաստան» դաշինքը որոշել էր, մենք՝ խմբակցութիւնով նիստից առաջ որոշել էինք քաղաքացիներին տուգանքի առարկայ դարձնելու որոշմանը չմասնակցել, անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը չապահովել, բնականաբար՝ ես եւս չեմ մասնակցել եւ չեմ մասնակցելու հայ մարդուն, երեւանցուն տուգանքի առարկայ դարձնելու ապօրինի, խայտառակ ՔՊ-ական որոշումներին”,– յայտարարած է Աղէկեան։
Յեղափոխութենէն յետոյ ՔՊ-ի ցանկով քաղաքապետ ընտրուած ու յետոյ իր խմբակցութեան կողմէ պաշտօնանկ եղած Հայկ Մարութեան վստահ է՝ ինք քաղաքապետի միակ այլընտրանքային թեկնածուն էր, եւ այդ է պատճառը, որ այսօր զինք կը զրկեն իր լիազօրագրէն:
Աւինեան անոր այս պնդումին արձագանգելով ըսած է, թէ ան երկու տարի ունէր լաւ քաղաքապետ ըլլալու համար: Իսկ փոխքաղաքապետ Արմէն Փամբուխչեան լուրջ չէ համարած այդ պնդումները. “Աւագանու հեռացուած անդամը կարող է տարբեր պատճառաբանութիւններ բերել, հռչակել իրեն այլընտրանքային քաղաքապետ կամ այլընտրանքային ոեւէ պաշտօնեայ, բայց, այնուամենայնիւ, այս որոշումը կայացուել է միմիայն այն հիմքով, որ պարոն Մարութեանը չի յաճախել աշխատանքի”։
«Ազատութիւն» լրասփիւռը Տիգրան Աւինեանին հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ «Հանրային ձայն»-ի անդամները կանչուած էին Քննչական կոմիտէ, արդեօք վճռորոշ այս քուէարկութենէն առաջ այդ մէկը՝ անհրաժեշտ մեծամասնութիւն եւ ի նպաստ քուէարկութիւն ապահովելու ուղղուած ճնշում չէ՞։ “Այդ մեթոդները երբեք չենք կիրառել եւ չենք պատրաստւում կիրառել”,– պատասխանած է քաղաքապետը։
«Ձեր քայլերը դէպի մեծ քաղաքականութիւն շարունակելո՞ւ էք» «Ազատութեան» հարցումին՝ Հայկ Մարութեան պատասխանած է, որ 2026-ին պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն, նոր կուսակցութիւն պիտի հիմնեն, եւ վարչապետի թեկնածուն ալ ինք պիտի ըլլայ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։