Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ոչ եւս է Հայաստանի 20-րդ դարու լաւագոյն մարզիկը՝ Ալբերտ Ազարեան

Սեպտեմբեր 5-ին, 94 տարեկանին կեանքին հրաժեշտ տուած է նշանաւոր մարզիկ, ողիմպիական խաղերու եռակի, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, 20-րդ դարու լաւագոյն հայ մարզիկ, Հայաստանի Մարմնամարզութեան դաշնակցութեան պատուոյ նախագահ Ալբերտ Ազարեան: 

Մահուան բօթը հաղորդած է Հայաստանի Մարմնամարզութեան դաշնակցութեան նախագահ Գագիկ Վանոյեան։

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, խոր վշտով պիտի տեղեկացնեմ, որ քիչ առաջ կեանքի 94-րդ տարում իր մահկանացուն կնքեց բոլոր ժամանակների մեծագոյն հայ մարզիկ ԱԼԲԵՐՏ ԱԶԱՐԵԱՆը։ Պատիւ եւ երջանկութիւն էր լինել ՔՈ ժամանակակիցը, հանգչիր խաղաղութեամբ սիրելի՜ վարպետ»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է ան։

Ալբերտ Ազարեան 2000 թուականին մարզական լրագրողներու քուէարկութեամբ՝ ճանչցուած է Հայաստանի 20-րդ դարու լաւագոյն մարզիկը։

Նշենք, թէ 2022 Դեկտեմբեր 1-ին, իր անունը կրող Երեւանի մարզական դպրոցին մէջ հանգուցեալի կիսանդրիին բացումը կատարուած է։ ■