Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներու հետեւանքով կան տասնեակներով վիրաւորներ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով՝ ընդդիմութեան ցոյցերը կը շարունակուին։ Ուրբաթ, Յունիս 3-ի ցոյցի աւարտին, ուշ երեկոյեան բախումներ տեղի ունեցած են մայրաքաղաքի Պռոշեան-Դեմիրճեան փողոցներու խաչմերուկին։ Ոստիկանութիւնը խլացուցիչ նռնակներ արձակած եւ բազմաթիւ ձերբակալութիւններ կատարած է։

Ըստ ընդդիմութեան պարագլուխներուն՝ ապահովութեան ուժերու բռնութիւններուն պատճառաւ սկսած են բախումները, որոնց հետեւանքով երկու կողմերէն տասնեակներով վիրաւորներ կային: Շուրջ 60 ցուցարար եւ ոստիկան բժշկական խնամք ստացած են հիւանդանոցներու մէջ։

Առողջապահութեան նախարարութեան Յունիս 4-ի տուեալներով, այդ 60 վիրաւորներէն 39-ը ոստիկաններ են։ Ըստ նոյն աղբիւրին՝ 50 վիրաւորներ արդէն անհրաժեշտ բուժումէ ետք ելած էին հիւանդանոցէն։ 

Բախումները սկսած են, երբ հազարաւոր ցուցարարներ կը տողանցէին մայրաքաղաքի կեդրոնը, մինչ երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժերը Ազգային ժողովին մէջ չէին յաջողած  քուարկել տալ այն բանաձեւը, որ կը մերժէր խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր, ուր կը նախատեսուի վերականգնել Ազերպայճանի վերահսկողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:

Նոյն բանաձեւով վարչապետ Փաշինեանի կառավարութենէն կը պահանջուէր նաեւ զերծ մնալ հողային որեւէ զիջումէ Ազերպայճանին՝ հայ-ազերպայճանական սահմանագծման գործընթացին մէջ: Նշեալ փատաթուղթով նաեւ պահանջ կը ներկայացուէր, որ սահմանազատման գործընթացը անպայման պայմանաւորուի Ազերպայճանի մէջ մնացած բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակման եւ անցեալ տարի գրաւուած հայկական սահմանային շրջաններէն ազերպայճանական զօրքերու նահանջով:

Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան երեսփոխանները պոյքոթի ենթարկելով բանաձեւին համար նշանակուած խորհրդարանական արտակարգ նիստը՝ թոյլ չտուին Ազգային ժողովի նուազագոյն ներկայութեան անհրաժեշտ թիւը ապահովել։ Անոնք կրկին անգամ մեղադրեցին ընդդիմութիւնը Արցախեան հակամարտութիւնը քաղաքական նպատակներով շահագործելու յանցանքով։

Ընդդիմութեան առաջնորդները դատապարտեցին պոյքոթը, ըսելով որ՝ այդ կ՚ապացուցէ իրենց այն պնդումները, որ Փաշինեան մտադիր է օգնել Ազերպայճանին՝ վերականգնելու Ղարաբաղի նկատմամբ լիակատար վերահսկողութիւնը։

“Հետեւաբար, եթէ մենք չենք ցանկանում, որ Արցախը յայտնուի ադրբեջանական տիրապետութեան տակ, մենք պէտք է հեռացնենք այս իշխանութիւններին”,– լրագրողներուն յայտնած է ընդդիմութեան պարագլուխներէն Արմէն Ռուստամեան, Խորհրդարանի շէնքին մէջ, որ պաշտպանուած էր ոստիկաններու անսովոր մեծ թիւով եւ ապահովութեան այլ աշխատակիցներով:

Պոյքոթէն քիչ ետք, Ռուստամեան եւ ընդդիմադիր այլ գործիչներ իրենց համակիրներու ամբոխը առաջնորդած են դէպի Վարչապետի գրասենեակ: Ցուցարարները մօտ երկու ժամ փակած են շէնքին բոլոր մուտքերը, նախքան երթով մեկնիլը դէպի Փաշինեանի պաշտօնական նստավայրը։

Անոնք դէմ-յանդիման եկած են նստավայրին մօտիկ՝ Պռոշեան-Դեմիրճեան փողոցներու խաչմերուկին դիրք գրաւած հարիւրաւոր ոստիկաններու հետ։ Հոս սկսած են բուռն բախումներ, երբ ընդդիմութեան առաջնորդներուն եւ անոնց կողմնակիցներուն արգիլուած է մուտք գործել քիչ անդին գտնուող Խորհրդարան:

Ապահովութեան ուժերը խլացուցիչ նռնակներ գործածած են, երբ զայրացած ցուցարարները փորձած են ճեղքել ոստիկանական շղթան։ Այս միջադէպէն յետոյ տասնեակներով ցուցարարներ ձերբակալուած են։

Ոստիկանութիւնը անմիջապէս չէ յայտնած ձերբակալուածներու ընդհանուր թիւը։ Ընդդիմադիր երեսփոխանները «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հետ զրոյցին ըսած են, որ հսկողութեան տակ առնուածներուն մէջ է իրենց գործընկերներէն մէկը՝ Արթուր Սարգսեանը։

Դէպքին վայրը գտնուող բարձրաստիճան ոստիկաններ հերքած են, որ իրենք բռնութեան դիմած են։ Անոնք ըսած են, որ որոշ ցուցարարներ քարեր արձակած են ոստիկաններուն ուղղութեամբ, ինչ որ ծանօթ դէպքերուն առաջնորդած է։

Ընդդիմութեան աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շարունակուող քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններու գլխաւոր պարագլուխ Իշխան Սաղաթէլեան բռնութեանց պատասխանատւութիւնը վերագրած ապահովութեան ուժերուն, երբ ուշ երեկոյեան ան ելոյթ ունեցած է բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն առջեւ, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ուր ընդդիմութիւնը Մայիս 1-էն ի վեր վրաններ զետեղած է։ Ան ցուցարարներուն թելադրած է գիշերել հրապարակին վրայ։

“Այսօր Նիկոլը հերթական անգամ պատերազմ է յայտարարել սեփական ժողովրդին”,– ըսած է Սաղաթէլեան, շարունակելով՝ “Մենք ընդունում ենք ձեր մարտահրաւէրը եւ պատրաստ ենք պաշտպանուել”:

Սաղաթէլեան նաեւ ըսած է, որ ամէնօրեայ հակակառավարական ցոյցերը պիտի շարունակուին անդուլ: “Մենք պայքարելու ենք մինչեւ վերջ”,– ըսած է ան։