Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ Յունիս 17-ին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի բանակներու նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւի հետ։
Հանդիպման ընթացքին նախարարները քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ներկայի ընթացքը:
Սուրէն Պապիկեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ պաշտպանութեան ոլորտի բարեփոխումներու ընթացքը եւ այդ ուղղութեամբ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան շրջանակին մէջ իրագործուող աշխատանքները:
Նախարարները ընդգծած են ռազմաթէքնիք համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ ստորագրած են այդ ոլորտին առնչուող շարք մը համաձայնագրեր։
Նշենք նաեւ որ նախարար Պապիկեան Յունիս 17-ին փարիզեան հիւսիսային արուարձաններէն Վիլփենթի մէջ մասնակցած է EUROSATORY միջազգային ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսի բացման արարողութեան: նախարարը այցելած է տաղաւարները, ծանօթացած՝ ներկայացուած ցուցանմուշներուն, հանդիպումներ ունեցած է ռազմարդիւնաբերական շարք մը ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։