Search
Close this search box.

Հայաստան պիտի մասնակցի Հոկտեմբերին կայանալիք BRICS-ի համաժողովին

Ազերպայճան եւ Թուրքիա եւս ընդառաջած են հրաւէրին

Սեպտեմբեր 4-ին, Ազգային ժողովի մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին, Արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան յայտարարած է, թէ Հայաստան պիտի մասնակցի Հոկտեմբեր 22-24 Քազանի մէջ կայանալիք BRICS-ի համաժողովին։

Նախօրօք, Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով հաղորդած էր, թէ բացի 9 անդամ երկիրներէն, ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարները և BRICS-ին անդամակցելու կամ համագործակցութեան դիմում ներկայացուցած պետութիւնները հրաւիրուած են կազմակերպութեան համաժողովին։

Էրտողան ընդունած է BRICS-ի համաժողովին մասնակցելու հրաւէրը

Եուրի Ուշաքովի համաձայն՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ընդունած է BRICS-ի համաժողովին մասնակցելու հրաւէրը։ Վերջերս, Չինաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնած էր, թէ իր երկիրը կը փափաքի միանալ BRICS-ին։

Ի դէպ, Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ եւս հաղորդած է, թէ պիտի մասնակցի սոյն ժողովին։

Սեպտեմբեր 4-ին, Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Եւրոպական Միութեան Արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանօ յայտնած է, որ Թուրքիա, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ երկիր, իրաւունք ունի միանալու միջազգային որեւէ կազմակերպութեան, սակայն Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածու երկիր ըլլալով իրենք կ՚ակնկալեն, որ կը հետեւի ԵՄ-ի սկզբունքներուն։ Ան աւելցուցած է, թէ ԵՄ-ը եւ եւ BRICS-ը բոլորովին տարբեր են իրենց նպատակներով, կառոյցով եւ ընդհանրապէս ամէն ինչով։

Նշենք, թէ BRICS-ը Չինաստանի եւ Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ 2009-ին ստեղծուած կառոյց մըն է, որով հետապնդուած գլխաւոր նպատակն է  ձեւաւորել Արեւմուտքի դէմ դաշինք մը։ Սկիզբը կը կոչուէր BRIC՝ Պրազիլի, Ռուսաստանի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի անգլերէն անուններու սկզբնատառերով կազմուած։ Ապա երբ անոնց միացաւ Հարաւային Ափրիկէն (South Africa)՝ կառոյցին անուանումը դարձաւ BRICS։ Իսկ այնուհետեւ Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եթովպիոյ եւ Իրանի ու վերջերս ալ Սաուտական Արաբիոյ միացումով անուանումը դարձաւ BRICS+  

Ներկայիս, խումբը ա՛լ աւելի ընդլայնելու աշխատանք սկսած է։ Ազերպայճան վերջերս պաշտօնապէս դիմում կատարած է այդ կազմակերպութեան անդամակցելու։ Հաւանաբար Քազանի մէջ այդ առումով որոշում մը կայացուի։ Տարիներէ ի վեր Եւրոպական Միութեան դուռը մնացած Թուրքիա եւս տաք աչքով կը դիտէ այդ անդամակցութիւնը։