Մոսկուա Օգոստոս 15-ին հրապարակած մէկ յայտարարութեամբ խստօրէն դատապարտած է Հայաստանի դպրոցներու 8-րդ դասարանի Հայոց պատմութեան դասագիրքին մէջ տեղ գտած հատուած մը։ Այս դժգոհանքէն քանի մը ժամ ետք Հայաստանի Կրթութեան նախարարութենէն յայտնած են, թէ խնդրոյ առարկայ դասագիրքը արդէն վերախմբագրուած է։
«Կասկածի տակ դնել Ռուսական կայսրութեան, հետագային ալ՝ Խորհ. Միութեան եւ Ռուսաստանի յատուկ դերը ներկայի Հայաստանի ձեւաւորման մէջ, կը նշանակէ դէմ երթալ ընդհանուր առմամբ ծանօթ փաստերուն։ Խօսքը մեր ընդհանուր պատմութիւնը վերաշարադրելու աննրբանկատ նոր փորձի մասին է»,– յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ յուսալով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները թոյլ չեն տար, որ նման բովանդակութեամբ դասագիրք մը մուտք գործէ դպրոցներէ ներս։
Արդարեւ, նշեալ դասագրքին մէջ ռուս-պարսկական պատերազմներէն յետոյ 19-րդ դարասկզբին Կիւլիստանի ու Թիւրքմենչայի պայմանագրերով Արեւելեան Հայաստանի գաւառներու անցումը Ռուսական կայսրութեան՝ կը նկարագրուի որպէս ռուսական բռնակցում։
Ըստ Հայաստանի հանրակրութեան վարչութեան պետ Թամարա Սարգսեանի՝ խնդրայարոյց հատուածէն ջնջուած է «բռնակցում» բառը։
«Աղմուկ բարձրացուցած հատուածը արդեօք վրիպակի՞, թէ՞ անուշադրութեան հետեւանք էր» հարցումին Թամարա Սարգսեան պատասխանած է. “Ոչ այնքան վրիպում էր, որքան գուցէ հարցն այդ տեսանկիւնից չէին դիտարկել”:
Հանրակրութեան վարչութեան պետը սակայն չէ պարզաբանած, թէ ինչո՞ւ վերախմբագրման մասին հրապարակաւ խօսեցան միայն Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կոշտ քննադատութենէն յետոյ։ Ան միայն ըսած է, թէ փոփոխութեան պատճառը իրենց ստացած բողոքներն են, առանց յստակացնելու, թէ արդեօք ռուսական կողմը նախապէս ոչ հրապարակաւ ու պաշտօնապէս իր դժգոհութիւնը յայտնա՞ծ էր։
Դասագիրքի համահեղինակ Սմբատ Յովհաննիսեան ալ նոյն օրը՝ Օգոստոս 16-ին «Ազատութեան» ըսած է, թէ անցած ամիսներուն՝ մասնագէտներու բազմակի ստուգումներէն եւ փորձագիտական յանձնաժողովի դիտարկումներէն յետոյ փոփոխուած է դասագիրքի նախնական տարբերակը. աղմուկի պատճառ դարձած հատուածը, որ վերնագրուած էր «Արեւելեան Հայաստանի բռնակցումը Ռուսաստանին», հիմա դարձած է պարզապէս «Արեւելեան Հայաստանը եւ ռուս-պարսկական պատերազմները»։ Պատմաբանը գոհացած է այսքանը նշելով եւ չէ պատասխանած այլ հարցումներու:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։