TUMO, ARMATH, COAF, FAST… տասնամեակ մըն է որ Հայաստանի կրթական մարզին մէջ ի յայտ եկած են նորայայտ անուններ, որոնք կը յատկանշեն առաջատար արհեստագիտութեան առնչուող ծրագրեր, ուղղուած դպրոցական տարիքի մանուկներու։ Առաջին երկուքը՝ TUMO-ն եւ ARMATH-ը ծանօթ են որպէս միջազգային ճանաչում ու համբաւ վաստակած արտադպրոցական նախաձեռնութիւններ, որոնք կը կիրարկուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ TUMO-ն թուային արհեստագիտութեան արտադպրոցական աշխատանոց է, որ Ֆրանսայի մէջ երեք մասնաճիւղեր ունի՝ Փարիզ, Լիոն, Մարսիլիա… ARMATH-ը՝ նոյնպէս, ճարտարագիտական աշխատանոցներ ունի ԱՄՆ-ու, Եւրոպայի, Հնդկաստանի մէջ… COAF-ը Հայաստանի Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու մանուկներուն եւ ծնողներուն արդիական գիտութիւններ ու մասնագիտական փորձառութիւն ջամբող կեդրոն է, որ Հայսատանի այլ շրջաններու մէջ ալ կեդրոններ կը բանայ։ Այս հաստատութիւններու նորագոյնը FAST-ն է, որ Նոյեմբեր 16-ին Փարիզ՝ հանրածանօթ Ֆրանսայի ինքնաշարժի ակումբին մէջ կազմակերպեց ճաշ-կալա մը ի նպաստ իր ծրագրին, որ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ հաստատելն է արհեստական բանականութեան ուսուցումը, Կրթութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար։
Ինչ որ հասարակաց է այս չորս նախաձեռնութիւններուն, այն է որ բոլորն ալ կրթական ասպարէզին կը վերաբերին, արհեստագիտութեան ու նորարարութեան։ Անոնցմէ երկուքը անհատական հիմնադրամներու ներդումի արդիւնք են, իսկ յատկապէս վերջինը FAST-ը (Foundation for Armenian Science and Technologie)՝ հաւաքական հիմնադրամի, որուն գլխաւոր երկու հիմնադիրներն են՝ Նուպար Աֆէեան եւ Ռուբէն Վարդանեան, երկուքն ալ ունեւոր, միասնաբար մարդասիրական, տնտեսական զարգացման, զբօսաշրջային, արհեստագիտական ու ընկերային շուրջ տասը նախաձեռնութիւն իրագործած են, ինչպէս՝ Աւրորա մրցանակը, Ապագայ Հայաստանը, Դիլիջան միջազգային դպրոցը … եւ FAST-ի Generation AI High School-ը (AI=Artificial intelligence)։
Բոլոր այս հաստատութիւնները նորահաստատ կառոյցներ են, ծրագրերը երկարաժամկէտ եւ նիւթական մեծ միջոցներ պահանջող, ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ իրականացուող սփիւռքեան նախաձեռնութիւններ, դրամագլուխը՝ ամերիկեան եւ հազուադէպ պարագայի՝ ռուսական, որոնք հիմնականին մէջ ունին ազգային բարեսիրական նկարագիր, բացառութեամբ ARMATH-ի, որուն նախաձեռնողը տեղական «Առաջատար Տեխնոլիոգիաների ձեռնարկութիւնների միութիւն»-ն է, որ կը վայելէ Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութիւնը, որովհետեւ հանրակրթական բոլոր դպրոցներուն կը վերաբերի։
FAST-ի պարագային՝ նորութիւնն այն է որ առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսան ներառուած է անոր Generation AI ծրագրի յաջողութեան հոլովոյթին մէջ։ FAST-ի հիմնադիրները եւ նախաձեռնողները ֆրանսահայութեան եւ եւրոպահայութեան ալ ապաւինած են իրենց ծրագրի յաջողութեան համար։
Նկատի ունենալով որ Generation AI High School-ը ուղղուած է աշակերտութեան, արդեօք կարելի՞ է զայն ակնկալել նաեւ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար, որոնց հայկական ուսումնական ծրագիրը դժբախտաբար կարիքը ունի բարելաւման եւ արհեստագիտական գիտութեան ներառման, հայերէնի ուսուցումը սահմանափակուած ըլլալով լեզուական, գրական ու կրօնապատմական նիւթերով։
Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը հարթ չէ եղած. կան բազմաթիւ յաջող նախաձեռնութիւններ, ինչպէս որ եղած են նաեւ բազմաթիւ ձախող գործեր։ Մեծագոյն ձախողութիւնը կ՚առնչուի քաղաքականին ու լեզուամշակութայինին։ Քաղաքականին ածանցուած է նաեւ Արցախի կորստեան կապուած՝ կրթական, ընկերային, կառուցողական ու տնտեսական ներդրումային բոլոր նախաձեռնութիւնները։
Որքանո՞վ արհեստական բանականութիւն, նորարարական արհեստագիտութիւն ուսանած նոր սերունդը կրնայ ժամանակի քաղաքակրթական, մշակութային մարտահրաւէրները դիմակայել, սրբագրելով անցեալի սխալները։ Հակառակ գիտական ու արհեստագիտական բոլոր յառաջդիմութիւններուն, երկրագունդը ականատես է ամէնէն քստմնելի ցեղասպանութեան, առանց որ քաղաքակիրթ պետութիւնները իրենց մատը կարենան շարժել։ Ուսումը առանց քննադատական մտածողութեան միշտ պիտի մնայ պակասաւոր։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։