Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Օգոստոս 10-ին ընդունած է «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանը եւ Հայաստանի մէջ նոր հիմնուած նոյնանուն հիմնադրամի տնօրէնուհի Անի Բրդոյեան-Ղազարեանը:
Սինանեան ողջունած է հիւրերը և յաջողութիւն մաղթած Հայաստանի մէջ սկիզբ առնող գործունէութեան առթիւ: “Այսօր «Նոր Յառաջ» թերթը այն հազուադէպ հանդիպող թերթերից է, որն արծարծում է համայն Հայութեան, մասնաւորապէս՝ Ֆրանսիահայերի մշակութային, կրթական, համայնքային պահանջները, կարիքները, խնդիրները եւ դրանով հանդերձ զերծ է քաղաքական որեւէ դիրքորոշումից”,– նշած է Գլխաւոր յանձնակատարը:
Հիւրերը իրենց կարգին ողջունած են Հոկտեմբերին կազմակերպուելիք Համաշխարհային հայկական համաժողովը եւ հետաքրքրուած են գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագրերով: Ժիրայր Չոլաքեան փափաք յայտնած է հանդիպիլ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագրի չորրորդ փուլի մասնակիցներուն:
Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ Սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցներու, հայերէնի, մշակոյթի, երգի-պարի պահպանման առնչուող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։