Սփիւռքները աշխարհացրիւ անդրազգային հաւաքականութիւններ են որոնց ռազմավարական նշանակութիւնը անուրանալի է։ Հայկական սփիւռքը երկար տարիներու ընթացքին ստեղծուած բարդ ու բազմատեսակ իրավիճակ մը կը ներկայացնէ։ Հայաստանի պետութեան դէմ թրքական սպառնալիքները երթալով աւելի կը զօրացնեն սփիւռքացումի հոլովոյթը, բնակչութեան մէջ երկրէն մեկնելու ցանկութիւնը յառաջացնելով։ Սփիւռքային համայնքները սակայն Հայաստանի կու տան նաեւ ռազմավարական առաւելութիւն մը։ Ինչպէ՞ս օգտուիլ հնարաւորութիւններէն։
Մարտ 14–15-ին, Փարիզ հիւրընկալեց «Հայկական սփիւռք(ներ)ը շարժումի մէջ» միջազգային գիտաժողովը, որուն մասնակցեցան երեք տասնեակէ աւելի համալսարանականներ։ 2019-ին եւս, Լոս Անճըլըսի մէջ կազմակերպուած էր նմանօրինակ գիտաժողով մը՝ «Սփիւռքը՝ պետականազուրկ ուժ» խորագրին տակ։ Վայրերը կարեւոր են։ Հայկական սփիւռքի մասին միջազգային գիտաժողովներ՝ Փարիզի եւ Լոս Անճըլըսի մէջ, բայց ո՛չ՝ Երեւանի։ Փարիզի գիտաժողովին Հայաստանի համալսարանականներու եւ գիտնականներու մասնակցութիւնն ալ սահմանափակ էր՝ երեք հոգի. մասնակիցներուն մէկ տասներորդը։
Այս գիտաժողովին աչքառու եղաւ նաեւ կարեւոր այլ երեւոյթ մը. հայկական մեծագոյն սփիւռքի՝ ռուսահայ սփիւռքի գիտնականներու բացակայութիւնը։ Կարելի է ներկայի պարագային համար ռուս-ուքրաինական պատերազմը արգելք համարել, ինչ որ ցոյց կու տայ նաեւ հայկական Սփիւռքի բարդութեան եզակի վիճակը։
Հայաստանի մէջ կան Սփիւռքով զբաղող առնուազն երկու գիտական կեդրոններ, որոնք սակայն պետութեան կողմէ այնքան ալ ուշադրութեան չեն արժանացած։ Բնականաբար, կը գործէ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը, որ կը տնօրինէ պետութեան սփիւռքեան քաղաքականութիւնը։ Անցեալին, Սերժ Սարգսեանի օրօք ստեղծուած Սփիւռքի նախարարութիւնը հրատարակած էր Սփիւռքի կարգ մը համայնքներուն նուիրուած մենագրութիւններ։ Սակայն, յարափոփոխ Սփիւռքը տեւաբար թարմացուած ուսումնասիրութիւններու կարիքն ունի։
Երկու գիտաժողովները նաեւ ցոյց տուին համասփիւռքեան հաստատութիւններու՝ Եկեղեցի, կուսակցութիւն, բարեսիրական միութիւն… անտարբերութիւնը սփիւռքային գոյավիճակի մասին ժամանակակից գիտական ուսումնասիրութիւններուն հանդէպ։ Նոյնպէս, տեղական համագաղութային կազմակերպութիւններու անտարբերութիւնը, ինչպէս՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF)…
Հայաստանի անկախութենէն ի վեր ի թիւս բազմաթիւ թիւրիմացութիւններու, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները մեծագոյն թիւրիմացութիւններէն մէկը եղած է։
Խորհրդային կարգերու փլուզումը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր առիթներ ընձեռեց, ձերբազատուած ըլլալով անցեալի խորհրդային կարգերու գաղափարական ու վարչական սահմանափակումներէն։ Սակայն, ինչպէս հետագային դէպքերը ցոյց տուին, ո՛չ Հայաստան լիարժէք օգտուեցաւ այս ազատականացումէն, ո՛չ ալ Սփիւռքը։ Շուտով անկարելի դարձաւ պետութիւն-սփիւռքային կառոյցներ երկխօսութիւնը եւ հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ. համասփիւռքեան կառոյցները ներխուժեցին Հայաստան, հայաստանակեդրոն դարձան եւ ուզեցին գրաւել քաղաքական ասպարէզը։ Իսկ հայաստանեան քաղաքական դասը երկիրը թալանելով զբաղեցաւ, մինչ ժողովուրդը սկսաւ զանգուածաբար արտագաղթել, միանալով աւանդական սփիւռքի շարքերուն եւ աւելին՝ ստեղծելով նոր արտասահմանեան համայնքներ՝ աւանդական «Սփիւռք»-ի երկիրներէն դուրս։
Պատկերաւոր կերպով խօսելով՝ Սփիւռքը ընդհանրապէս նկատուած է «կթան կով»։ Հայաստան կազմակերպած է բազմաթիւ Հայաստան-Սփիւռք համագումարներ, որոնք ունեցած են քարոզչական նպատակ, գոհացուցած են կազմակերպիչները, սակայն, ոչ մէկ ձեւով բարելաւած են Սփիւռքի ըմբռնումը։
Փարիզի գիտաժողովը եւ նման հանդիպումներ ոսկէ առիթներ են խորհրդածելու եւ վերանայելու ռազմավարական նշանակութիւն ներկայացնող այս բարդ բնագաւառը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։