«Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագրի առաջին փուլի սփիւռքահայ 120 մասնակիցներուն համար այս ամառը պիտի մնայ անմոռանալի: Անոնք ամբողջ 13 օր տեսան Հայաստանի գեղեցիկ անկիւնները, ճանչցան կրթական կարելիութիւնները, ապրեցան Դիլիջանի չքնաղ բնութեան մէջ, սորվեցան հայերէն, հայկական երգ ու պար, ծանօթացան բազմաթիւ ընկերներու հետ: 13-18 տարեկան մասնակիցները այցելեցին Դսեղ գիւղը գտնուող Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը, «ԳՈԱՖ խելացի կեդրոն»-ը (COAF Smart Center), Մակարավանք, Ստեփանաւանի Dendropark-ը եւ այլ պատմական վայրեր:
Ծրագիրը չէր իրականանար առանց «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» հիմնադրամի, «Մոնթէ Մելքոնեան» ռազմամարզական վարժարանի, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի, շարք մը այլ կրթական հաստատութիւններու եւ մշակութային կեդրոններու մասնակցութեան եւ աջակցութեան: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։