Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՔԱԹԱՐ. Հայ-արաբական յարաբերութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէս՝ Քաթարի ազգային գրադարանին մէջ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան՝ Քաթար այցի շրջանակին մէջ, Յունիս 14-ին Քաթարի ազգային գրադարանին մէջ բացուած է «Արաբերէն հաղորդագրութիւններ Հայաստանէն. ժառանգութիւն՝ մշակութային երկխօսութեան համար» խորագրով առժամեայ ցուցադրութիւնը:

Ցուցադրուած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանի դրամագիտական եւ հնագիտական հաւաքածոներէն  9 կրկնօրինակ նմուշներ, որոնք կը ներկայացնեն «Դուին», «Արմինիա», «Հարունաբադ» և «Հալէպ» դրամահատարաններու մէջ արտադրուած արծաթէ ու պղինձէ տիրհամներու, 752-ին արտադրուած ոսկէ տինարի, «Բարդա» դրամահատարանին մէջ արտադրուած պղինձէ ֆալսի (փոքր պղնձեայ  արաբական միջնադարեան մանր մետաղադրամ), ինչպէս նաեւ 18-րդ դարուն վերագրուող պրոնզէ երկգլխանի կացինի նմուշներ՝ բուսական զարդանախշերով եւ կենդանակերպ պատկերներով։

Ցուցադրական պաստառներու վրայ ալ ներկայացուած են հայ-արաբական երկարատեւ յարաբերութիւններուն վերաբերող մշակութային արժէքներ եւ պատմական փաստեր։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մէկ շաբաթ։