Յուլիս 2-ին Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի ներկայութեամբ հայկական շինարարական «Տեխնոտուն» ընկերութիւնը՝ յանձին տնօրէն Տիգրան Մնացականեանի եւ պանդոկի բնագաւառի ֆրանսական մեծագոյն խումբերէն « Accor »-ը յանձին խումբի Եւրոպայի գլխաւոր գործառնական տնօրէն Ալեքսի Տելարոֆի ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր։
Այս մէկը Accor-ի Pullman պերճաշուք պանդոկներու առաջինն է որ պիտի կառուցուի Հայաստանի մէջ։ Նախագիծի ներդրումային ծաւալը աւելի քան 100 միլիոն տոլար է։
«Տեխնոտուն» ընկերութիւնը կը նախատեսէ Նորքի Այգիներ 180 հասցէին կառուցել միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխանող համալիր՝ Pullman Living and Residences Yerevan-ը, զոր պիտի կառավարէ Accor խումբը։
Համալիրի ընդհանուր տարածքը 20.000 քառ. մեթր է, որու 16.000 քառ. մեթրին վրայ պիտի ըլլան հասարակական ենթակառոյցներ, կանաչապատ ու բաց տարածքներ։
Նախագիծով կ՚առաջարկուի երկար կեցութեան կարելիութիւն՝ պանդոկային ծառայութիւնները համատեղելով բնակարանային յարմարաւէտութեան հետ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։