Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – ԿԳՄՄ փոխնախարարը ֆրանսացի պաշտօնատարներուն հետ քննարկած է Մինաս Աւետիսեանի ծննդավայրին մէջ արուեստներու կացարանի ստեղծման ծրագիրը

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) փոխնախարար Ալֆրեդ Քոչարեան Հոկտեմբեր 25-ին ընդունած է Ֆրանսայի Պուռտել թանգարանի տնօրէնուհի Օֆելի Ֆերլիէ-Պուան եւ «Փարիզի թանգարաններ» հաստատութեան միջազգային եւ տարածքային բաժնի տնօրէնուհի Սելին Մառշանը:

Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ ԿԳՄՄ մշակութային ժառանգութեան վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեան եւ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակութային կցորդ Ալեքսանտր Գլուզօ։ 

Կողմերը քննարկած են գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանի՝ Ջաջուռ գիւղը գտնուող հայրական տունը արուեստագէտներու կացարանի եւ ցուցահանդէսային տարածքի վերածելու նախագիծին առնչուող հարցեր: 

Ալֆրեդ Քոչարեան ընդգծած է, թէ Մինաս Աւետիսեանի տան վերակառուցման ծրագիրը ԿԳՄՄ նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի՝ Շիրակի մարզի մշակութային կեանքի աշխուժացման եւ զբօսաշրջութեան զարգացման նպատակով:

Սելին Մառշան ներկայացուցած է սոյն ծրագրի զարգացման ընթացքը: Հայաստան կատարած այցի շրջանակին մէջ Ֆրանսայի թանգարանային բնագաւառի ներկայացուցիչները այցելած են Գիւմրի եւ Ջաջուռ, հանդիպում ունեցած են նաեւ Մինաս Աւետիսեանի տղոց հետ՝ քննարկելով ծրագրի իրագործման տեսլականը։ 

Անդրադառնալով մշակոյթի ոլորտին մէջ իրագործուող բարեփոխումներուն, փոխնախարարը ներկայացուցած է «Մշակոյթի զարգացման հիմնադրամ»-ին գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ նորաստեղծ կառոյցը մշակութային ծրագրերու իրագործման կազմակերպական աշխատանքներ կը կատարէ: 

Ջաջուռի մէջ Մինաս Աւետիսեանի նոր ցուցասրահի ստեղծման նպատակով Քոչարեան առաջարկած է կազմել աշխատանքային խումբ մը, ընդգրկելով նաեւ վերոնշեալ հիմնադրամէն եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներկայացուցիչներ: 

Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։ Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու համագործակցութիւնը: