Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը եւ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութիւնը պիտի իրագործեն «Հայաստան. ժառանգութեան ուսումնասիրութիւն, պահպանում եւ ընդլայնում» ծրագիրը, որ պիտի գանձատրուի Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան նորարարական ծրագրերու զօրակցութեան հիմնադրամին կողմէ։
«Ֆրանսա յանձն կ՚առնէ աջակցիլ Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանման, վերականգնման ու արժեւորման աշխատանքներուն»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած ՀՀ-ի Ֆրանսայի դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ։
600 հազար եւրօ արժողութեամբ ծրագիրը կը նախատեսուի իրագործել ընթացիկ տարուան մէջ։ Կը տարուին աշխատանքներ ուղղուած՝ Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանման, այդ բնագաւառի մասնագէտներու ներուժի ներգրաւման եւ թանգարանային քաղաքականութեան զարգացման։
Ծրագիրը մշակուած է Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութեան, Ֆրանսայի ազգային ժառանգութեան հիմնարկին, «Լուվր» թանգարանին, Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնին եւ Էրեբունի թանգարանին համագործակցութեամբ։ Ան կ՚ընդգրկէ մշակութային ժառանգութեան տարբեր ոլորտներ եւ հիմնուած է ֆրանսացի եւ հայ մասնագէտներու հմտութիւններու եւ փորձառութեան վրայ:
Նախատեսուած է Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնումը։ Առաջին փուլին պիտի իրագործուի յուշարձանի պատմաճարտարապետական ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպուի կամաւորական աշխատանքային առաջին ճամբարը՝ «REMPART» ընկերակցութեան ու «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան մասնակցութեամբ:
Այս ծրագրով նախատեսուած է նաեւ Էրեբունի թանգարանի մնայուն ցուցադրութեան վերակազմաւորումն ու արդիականացումը, ինչպէս նաեւ հաւաքածոներու գնահատումը, որ պիտի կատարուի «Լուվր»-ի աջակցութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։