Search
Close this search box.

Հայաստան 10 միլիոն եւրօ կը ստանայ ԵՄ-ի Խաղաղութեան հիմնադրամէն. Հունգարիա վերցուցած է արգելքը

Հայաստան այս տարի առաջին անգամ ըլլալով 10 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) Խաղաղութեան հիմնադրամէն. Հունգարիա վերցուցած է այս օգնութեան վրայ դրած արգելքը։

ԵՄ-ի դիւանագիտական աղբիւրներուն համաձայն՝ «Միութեան անդամ բոլոր երկիրները այլեւս պատրաստ են կանաչ լոյս վառելու եւ կ՚ակնկալուի, որ նախագիծը նախ կը հաստատուի Յուլիս 17-ին՝ անդամ երկիրներու դեսպաններու, ապա Յուլիս 22-ին՝ Արտաքին գործոց նախարարներու նիստին»։

Ապրիլ ամսուն Հունգարիա վեթօ դրած էր նախագծին վրայ՝ պահանջելով, որ Ազերպայճան եւս օգնութիւն ստանայ ԵՄ-ի Խաղաղութեան հիմնադրամէն։

Ըստ երեւոյթին, Պուտափեշտի այդ առաջարկը չէ ընդունուած, սակայն փակուղիէն դուրս ելլելու համար ընտրուած է փոխզիջումային տարբերակ՝ Պաքուին գումար կը տրամադրուի ոչ թէ նշեալ հիմնադրամէն, այլ առանձին՝ ականազերծման աշխատանքներուն համար։