Հեռու աւանդական, համագումարային, կուսակցական, կրօնական, հայրենասիրական, քաղաքական, քարոզչական, եռամիասնական մօտեցումներէ, եւ հայաստանակեդրոն, սփիւռքակեդրոն հակադրութենէ, խօսքերէ ու տեսութիւններէ անդին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք ունին թարմ շունչի, անհատներու անմիջական շփումի, անակնկալ հանդիպումներու, ան-սպասելի պահերու, ստեղծագործական խենթութիւններու, որոնք կը համապատասխանեն համաշխարհայնացման միջազգային յարաբերութիւններու պայմաններուն։ Ընկերային յարաբերութիւնները երթալով կը ձեւափոխուին։ Առցանց հարթակները մարդկային յարաբերութիւններու դաշտը կը ներխուժեն եւ ո՞րն է հակակշիռը։ Անմիջակա՞ն շփումը։
Հայկական համայնքային կեանքը, որ ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ արդէն շատ զարգացած չէ, նոյն հոլովոյթին ենթարկուելով աւելի կը խեղճանայ։ Սահմանափակ են նոր սերունդին հայկականութեան ապրումի առիթները՝ պար, երգ, հայերէնի դաս, պատարագ, ոգեկոչում…։ Ինչպէ՞ս բազմացնել, ճոխացնել։ Բախտաւոր են անոնք որոնք ընտանեկան լեզուական միջավայր ունին. Հազուագիւտ են անոնք, որոնք հայկական դպրոցական առողջ միջավայրի բարիքները վայելած են։ Աւանդական կառոյցները նոր բովանդակութեան պէտք ունին, նոր միջոցներու։ Եկեղեցիները կը տառապին հաւատացեալներու պակասէն։ Մշակութային տուները՝ նոյնպէս։
Մարտ 6-էն 13, Engage Armenia նախագիծը, Արեւմտեան Եւրոպայի հինգ երկիրներու մէջ շրջապտոյտի մը ձեռնարկեց։ Ծրագիրին նպատակն է սփիւռքահայերուն համար ստեղծել Հայաստանի մէջ հայկական նոր փորձառութիւն ապրելու առիթներ։
Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամի հովանաւորուած նախաձեռնութիւնը, բախտն ունի նիւթական միջոցէ չտառապելու։ Այնտեղ ներգրաւուած կազմակերպութիւնները իրենց ծրագիրը փորձարկած ու յաջողած նորարար նախաձեռնողներ են։
Engage Armenia խորագիրը ինքնին հայերէնով գրեթէ անթարգմանելի է։ Հայաստանի յանձնառումն է. «յանձն առ Հայաստան», նոր մօտեցում որդեգրել Հայաստանի հետ յարաբերելու համար։ Ինքնին զարտուղի է անգլերէն վերնագիր մը որդեգրելը հայկական փորձառութեան խթանման նախաձեռնութեան։ Անգլերէնը դարձեր է հայկական փորձառութիւն ապրեցնելու գովազդային հաղորդակցութեան միջոց։ Բնականաբար, Անգլիա, Նետերլանտներ, նոյնիսկ՝ Զուիցերիա եւ Պելճիքա այցելելու համար՝ անգլերէնը կարելի է սեպել ընդունելի։ Բայց Ֆրանսայի համար՝ դժուար։ Ուրեմն, ահա հիմնական խնդիր մը։ Սփիւռքի հետ գործ ունենալու ատեն՝ ո՞ր լեզուով հաղորդակցիլ։ Սփիւռքահայ մը ուրիշ երկրի սփիւռքահայու մը հետ հաղորդակցելու համար ո՞ր լեզուն գործածէ։ Բնականաբար, ամէնէն պարզը պիտի ըլլար՝ հայերէնը։ Իսկ երբ ներկաներուն մէկ մասը հայերէնի չի՞ տիրապետեր։ Կարելի է թարգմանել։ Անշո՛ւշտ։ Ահաւասիկ, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու էական դժուարութիւններէն մէկը՝ լեզուն։ Սակայն, լեզուական դժուարութիւնը կարելի է կռուան մը սեպել լեզուն սորվելու։
Engage Armenia-ի մեծագոյն նորութիւնը խումբ մը կազմակերպութիւններու առած քայլն է դէպի արեւմտեան ոստանները՝ հանդիպելու, հաղորդակցելու ո՛չ թէ համայնքներու հետ, այլ՝ անհատներու։ Պէտք էր մտածել ու յանդգնիլ՝ դիմել անհատներու, անհատը գնահատող ու արժեւորող նախաձեռնութիւններ կազմակերպել, անոնց տրամադրել միջոցներ, նոյնիսկ ստեղծել նիւթական դիւրութիւններ, որպէսզի անոնք իրենց հայկականութեան եզակի ճամբան գտնեն։ Յակոբ Պարոնեանի ըսածին նման՝ «Լեռը մարգարէին քովը չերթայ նէ՝ մարգարէն լեռան քովը կ՚երթայ, կ՚ըսեն»։
Engage Armenia նախաձեռնութեան մասնակից կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրը հայկական փորձառութիւն մը ապրելու առաջարկ է։ Կարեւորագոյն կազմակեպութիւններէն է «Դէպի Հայք»-ը որ ճանչցուած է իբրեւ Birthright Armenia անգլերէն անունով. ան, սփիւռքահայ երիտասարդներու համար կը ստեղծէ Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանքի հնարաւորութիւններ, ճամբու ծախս եւ կացարան ապահովելով, մէկ տարուան համար։
«Դէպի Հայք»-ի նման, AVC, RepatArmenia, reArmenia, Impact Hub, Optimize, Teach for Armenia… անոնցմէ իւրաքանչիւրին առաջարկը հրաւէր մըն է, որ կը հարստացնէ փորձառութիւնը։ Ոչ մէկ պարտադրանք։ Ինչպէս Լեւոն Շանթ «Հին Աստուած»ն-երուն մէջ Վանահօր բերնով կ՚ըսէ՝ «Ամէն ոք ինք պիտի բանայ իր ճամբան»։ Ուրիշին օգտակար ըլլալը՝ արտօնուած է։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։