Անուն դեռ չունի, բայց նախագծողները որոշած են ուրարտական թագաւորներու անուններով կոչել այստեղ ծնող իւրաքանչիւր անօդաչու սարք։ «Ուրարտու սիսթեմս» ընկերութեան աշխատանոցին մէջ արդէն 5-րդ տեսակի անօդաչուն կը կազմուի։ Սարքը պէտք է կարենայ 20 վայրկեանի մէջ 10 քկ. բեռ փոխադրել։ Այս վերջինին կարողութիւնները աւելի ստուար են, քան նախորդներունը. ստեղծումը մասնագէտներէն 8 ամիս պահանջած է։ Իսկ ապագայի ծրագրերը աւելի յաւակնոտ են՝ մտադիր են «աէրոթաքսի»-ներու (մարդկային օդային փոխադրութեան սարքերու) արտադրութեամբ զբաղիլ։
Լրատւութեան մէջ սակայն զարմանալիօրէն չ՚ակնարկուիր ռազմական նպատակներով օգտագործման, կամ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։