Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 21-րդ միջազգային փառատօնի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է «Հայկական շարժարուեստ 1924-2023» հայերէն-անգլերէն երկլեզու գրացանկին (catalogue) շնորհահանդէսը: Հատորը հրատարակուած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Հոն ներկայացուած է հայ շարժարուեստի 100-ամեայ արտադրութեան լիակատար պատկերը, մէկ գիրքի մէջ ընդգրկելով Հայաստանի կամ Հայաստանի հետ միասնաբար արտադրուած խաղարկային, վաւերագրական եւ կենդանապատկեր ֆիլմերու մասին սպառիչ տեղեկութիւններ:
Նշենք, թէ Հայկական շարժարուեստի գրացանկի առաջին փորձը կատարուած է 60-ականներու սկիզբը շարժարուեստի հիմնադիրներէն` Դանիէլ Դզնունիի կողմէ:
Այս նոր՝ լրամշակուած երկլեզու հրատարակութիւնը կ՚ընդգրկէ առաւել լիակատար տեղեկատւութիւն 1924-2022 տարիներու եւ մասամբ ալ 2023-ի Հայաստանի ֆիլմարտադրութեան մասին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։