Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է վերջին տարիներուն ստացուած աւելի քան 4 հազար նիւթերու եւ «Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշագրութիւններ» մատենաշարի յաջորդական երեք հատորներու եւ գիտական պարբերականներու շնորհահանդէսը։
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին Թանգարան-հիմնարկի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան տեղեկացուցած է, որ շնորհահանդէսին կը ներկայացուին նաեւ անցեալ տարի «Ցեղասպանագիտական հանդէս» եւ “International Journal of Armenian Genocide Studies” գիտական պարբերականներու տպագրուած 2-ական համարները, ինչպէս նաեւ վերապրողներու յուշագրութիւններու շարքին յաջորդական հատորներն ու ռուսերէն, ֆրանսերէն հրատարակուած գիտական երկու աշխատութիւն։
“Ինչ կը վերաբերի նիւթերուն, ապա անոնք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին՝ վերջին տարիներուն կատարուած նուիրատւութիւններն են։ Նկատի ունենալով, որ բաւական մեծ թիւ կը կազմէին, որոշեցինք շնորհահանդէսի ձեւով ներկայացնել. 4.000-է աւելի նիւթ ստացած ենք։ Անոնք կ՚ընդգրկեն, օրինակ՝ բնօրինակ լուսանկարներ՝ թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան, թէ՛ ալ համիտեան կոտորածներու տարիներէն։ Բաւական մեծ թիւով լուսանկարներ ստացած ենք նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցածի մասին”,– մանրամասնած է Գզոյեան՝ աւելցնելով, թէ աշխարհի տարբեր անկիւններէն՝ Լիբանանէն, Յունաստանէն, ԱՄՆ-էն, Ռուսաստանէն ստացուած նիւթերուն մէջ կան նաեւ յուշագրութիւններ, օսմանատառ փաստաթուղթեր։
Անոնց մաս կը կազմեն նաեւ ֆրանսահայ լուսանկարիչ Արշակ (Մաքս) Սիվասլեանի լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնեն դրուագներ թէ՛ 1992-ի, թէ՛ ալ 2016-ի Արցախեան պատերազմներէն: Այս նկարներուն մէկ մասը տակաւին հրապարակուած չէ:
Արարողութեան ներկայ եղած են նուիրատուներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու ժառանգները։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։