Փուաթիէի համալսարանի հետազօտող Լիւտիվին Թուվերեզ, որ «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը․ տասնամեակներու անաւարտ պայքարի յիշողութեան, քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական ուղենիշերը» խորագրով միջազգային գիտաժողովին մասնակցելու համար անցնող Հոկտեմբերի վերջին ժամանած էր Հայաստան եւ այցելած Ցեղասպանութեան թանգարանը, պատրաստած է անդրադարձ մը՝ հոն ցուցադրուած ֆրանսական ծաղրանկարներու մասին: Յօդուածը հրապարակուած է ֆրանսական L’Équipe interdisciplinaire de recherche sur l’image satirique (EIRIS) երգիծական կայքին վրայ:
Հեղինակը ներկայացուցած է Թանգարանին մէջ ցուցադրուած 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի պատկերազարդ ֆրանսական մամուլի հետաքրքրական հաւաքածոն, որ կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ գործուած ջարդերուն։
Յատկապէս անդրադարձ կայ ֆրանսական նշանաւոր La Presse Illustrée, L’Illustration, Le Rire եւ L’Assiette au Beurre երգիծաթերթերու մէջ 1894-1896 Համիտեան ջարդերու, 1909-ի Ատանայի կոտորածներու եւ 1915-1923 գործուած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող հրապարակումներուն։ Հեղինակը կը նշէ, որ այս պատկերները ցոյց կու տան երգիծական կերպարի կարեւորութիւնը՝ բռնութիւնը դատապարտելու համար, որ անուղղակի ապացոյց մըն է հայութեան նկատմամբ իրագործուած վայրագութիւններուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։